Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Ներկայացուցիչները Դիմեցին Սահմանադրական Դատարան

By Asbarez | Monday, 04 March 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները չեղեալ յայտարարելու եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Հայաստանի նախագահ ընտրուիլը վաւերացնելու խնդրանքով Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարման մարմինի ներկայացուցիչները եւ փաստաբանը դիմում ներկայացուցած են Հայաստանի Սահմանադրական դատարան: «Քաղաքական պայքարը շարունակուելու է, եւ Սահմանադրական դատարան դիմելը չի փոխարինելու իրաւական ճանապարհով քաղաքական պայքարին», յայտնած է կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Յովսէփ Խուրշուդեանը:

«Մենք այս դիմումով պահանջում ենք, որպէսզի վաւեր ճանաչուի ժողովրդի յաղթանակը եւ վաւերացուի Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ընտրուելը որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ», շեշտած է ան։

Փաստաբան Կարէն Մեժլումեան նշած է, որ դատարանը տասնօրեայ ժամանակաշրջանի ընթացքին պիտի քննարկէ իրենց դիմումը: «Դիմելու բազմաթիւ հիմքեր կան, որոնք փաստարկուած են 16 էջի վրայ», դիտել տուած է Մեժլումեան:

Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչները 4 Մարտին՝ ժամը 17:30ին, Սահմանադրական դատարանին յանձնեցին հայցը, որով կը վիճարկեն Փետրուար 25ին ԿԸՅի հրապարակած քուէարկութեան պաշտօնական արդիւնքները: Համաձայն Սահմանադրութեան 51րդ յօդուածին, «եթէ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան արդիւնքների վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանը գործ է ընդունում քննութեան, ապա որոշում պէտք է կայացնի դիմումը ստանալուց յետոյ՝ տասնօրեայ ժամկէտում»:

comments