Րաֆֆի Յովհաննէսեան Հանդիպում Ունեցած Է Գագիկ Ծառուկեանի Հետ

By Asbarez | Monday, 04 March 2013

ԵՐԵՒԱՆ.– Րաֆֆի Յովհաննէսեան 4 Մարտին հանդիպում ունեցած է  Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին հետ: Հանդիպումին մասնակցած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ղեկավարման մարմինի ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը, մարմինի խօսնակ Յովսէփ Խուրշուդեանը, միւս կողմէ՝ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը, պատգամաւորներ Վարդան Օսկանեանը եւ Վահէ Յովհաննիսեանը:

Քննարկուած են նախագահական ընտրութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին առնչուող խնդիրներ: Րաֆֆի Յովհաննէսեան վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ չ՛ընդունիր ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ զանոնք կեղծուած նկատելով: Գագիկ Ծառուկեանը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար մարմինի ներկայացուցիչները նշած են, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն բացարձակ իրաւունքն է պահանջել սեփական իրաւունքներու, յատկապէս ընտրական իրաւունքի յարգումը: Անոնք նաեւ կիսած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ անոր ղեկավարման մարմինի ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւնները՝ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը անընդունելի նկատելու եւ փոփոխութիւններու հրամայականին վերաբերող: «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւս այն կարծիքին է, որ իւրաքանչիւր քայլի գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնը, իշխանութեան տարբեր օղակներու կողմէ քաղաքացիին արժանապատուութեան ոտնահարման սովորական դարձած գործելաոճը օրէ օր կը սաստկացնէ հանրային դժգոհութիւնը:

Գագիկ Ծառուկեան վերահաստատած է իրենց դիրքորոշումը, համաձայն որուն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնայուն կերպով ժողովուրդին կողքին ըլլալ։ Համաձայնութիւն գոյացած է համագործակցելու ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու եւ առկայ հարցերուն լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։

comments