By Asbarez | Tuesday, 05 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դիմումին հիման վրայ՝ Հայաստանի Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի 25 Փետրուարի որոշումը վիճարկելու վերաբերեալ, Սահմանադրական դատարանը որոշած է կայացնել դատաքննութիւն, Հայաստանի օրէնքի 31րդ յօդուածի 3րդ մասի հիման վրայ:
Նկատի ունենալով Հայաստանի նախագահի ընտրութեան վերաբերեալ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը վիճարկելու հետ կապուած գործերու քննութեան՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան 51րդ յօդուածով եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» Հայաստանի օրէնքի 74րդ յօդուածով նախատեսուած առանձնայատկութիւնները, դատաքննութիւնը պիտի սկսի 11 Մարտ 2013ին՝ ժամը 10։00ին:
Զեկուցողներ պիտի նշանակուին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի անդամներ Կ. Բալայեանը եւ Ֆ. Թոխեանը: Դատավարութեան մէջ պիտի ներգրաւուի նաեւ արդիւնքները ամփոփող պետական մարմինը՝ Հայաստանի Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ