By Asbarez | Wednesday, 06 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ գործող Սասունի (Պաթման) հայերու միութիւնը փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու պատմական յուշարձանները չպահպանելու մեղադրանքով դատ բացած է Պաթմանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան շրջանային տնօրինութեան եւ Պեշիրի նահանգապետութեան դէմ: Միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը յայտարարած է, թէ այս քայլը առնուած է, որովհետեւ տեղական իշխանութիւնները չեն պահպանած Պեշիրի Քեւեզօ (Ենի Փընար) գիւղին մէջ գտնուող 14րդ դարու հայկական եկեղեցին, ինչի հետեւանքով՝ եկեղեցին վերածուած է աղբանոցի, անոր դուռը գողցուած է, պատերը վնասուած են, իսկ քարերէն շատերը գողցուած են շրջանի գիւղացիներուն կողմէ:
Ըստ թրքական «batmancagdas.com» լրատուական կայքին՝ սասունցի հայերու առաջնորդը ըսած է, թէ իշխանութիւնները պէտք է ետ վերցնեն գիւղի որոշ տուներէ ներս օգտագործուած այն քարերը, որոնք գողցուած են պատմական եկեղեցիէն:
«Թուրքիոյ սահմանադրութեան 63րդ յօդուածին համաձայն՝ պատմական, մշակութային եւ բնական հարստութիւններու պահպանութիւն պէտք է ապահովուի պետութեան կողմէ, բան մը, որ չի կատարուիր: Տարածաշրջանին մէջ հայերու պատկանող բազմաթիւ յուշարձաններ ոչնչացուած են: Մենք դատ բացինք իրենց պարտականութիւնները չկատարող պատասխանատուներուն դէմ», ըսած է Տաղճը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ