By Asbarez | Friday, 08 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Տղամարդ ենք, թէ տիկին՝ բոլորս յղիացել ենք հայոց յոյսով, հայոց հաւատով, հայոց յաղթանակով, որովհետեւ սա մեր հայրենիքն է, եւ չկայ որեւէ մի նահան»ջ, յայտարարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը 8 Մարտին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին։
Այս հանրահաւաքը տօնական բնոյթ կը կրէր. բոլոր ելոյթ ունեցողները անդրադարձած են կիներու իրաւունքներուն, գործունէութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ անոնց դերակատարութեան: Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարած է, որ 8 Մարտէն մինչեւ 7-9 Ապրիլ «լիքը բան պիտի փոխուի մեր կեանքում։ Կեցցեն մեր քոյրերը, աղջիկները, մեր մայրերը»։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կինը՝ Արմէնուհի Յովհաննէսեանը, որ խօսած է արեւու, սիրոյ եւ յաղթանակի մասին:
Ելոյթ ունեցած են Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, թատրոնի եւ շարժապատկերի դերասան Երուանդ Մանարեանը, «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչ Անահիտ Բախշեանը, ՀՅԴ կուսակցութենէն Մարիա Թիթիզեանը: Վերջինս նշած է, որ կիները ծաղիկներու կարիք չունին, այլ՝ արդարութեան: Ան այս շարժումը իւրայատուկ նկատեց, որովհետեւ այս շարժման մէջ կայ լոյս, յոյս, եւ կին, երիտասարդ, թէ ծերունի պէտք է պայքարին եւ պահանջեն իշխանափոխութիւն:
Հայաստանեան ներքաղաքական իրավիճակին մասին խօսելով՝ Ր. Յովհաննէսեան յայտնած է. «Այն բանից յետոյ, երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրները շնորհաւորեցին Սերժ Սարգսեանին այդ ամօթալի եւ կեղծուած ընտրութիւններից յետոյ, ես այլեւս չեմ ճանաչում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի լիազօրութիւնները, ինչ ուզում են, թող անեն, բայց նրանք այլեւս պէտք չէ որեւէ կապ ունենան ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Ղարաբաղի հետ»։
Ան խոստացած է Կիրակի, 10 Մարտին՝ ժամը 17։00ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) կայանալիք հանրահաւաքին ընթացքին հանդէս գալ կարեւոր յայտարարութեամբ: «Վաղը չէ միւս օրը՝ Մարտի 10ին, Ազատութեան հրապարակում լինի մէկ հոգի, հազար հոգի, թէ միլիոն հոգի, ես հանդէս եմ գալու կարեւոր յայտարարութեամբ: Ով ուզում է լսել այն, թող վաղը չէ միւս օրը լինի Ազատութեան հրապարակում», յայտնած է ան։
Խօսելով իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մասին՝ ան վստահեցուցած է, որ անիկա շուտով փոքրամասնութիւն պիտի դառնայ: Յովհաննէսեան յայտնած է, որ ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այն նաեւ ՀՀԿի համար: «Մենք ամէն տեղ ենք, դպրոցում, բուհում, գործարանում եւ ֆաբրիկայում», յայտնած է ան՝ ընդգծելով, որ իր նպատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միաւորումն է: «Իմ կողմից յարգուած, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը նախագահ է լինելու մինչեւ Ապրիլի 10ը: Նա ոչ թէ իմ պահանջով է հրաժարական տալու, այլ՝ ինքն է խնդրելու, որ հրաժարական տայ։ Մենք իրավիճակը կը հասցնենք նրան, որ Սերժ Սարգսեանը ինքը կը խնդրի, որ մենք թոյլ տանք նրան կամաւոր հրաժարական տալ», դիտել տուած է Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ իր կողմնակիցները պիտի ուղարկէ Սիւնիքի մարզ, ուր Կիրակի օր կրկին պիտի պահանջեն մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի հրաժարականը, նաեւ Արտաշատ. «Մեր ներկայացուցիչները գնալու են, պարոն Աբրահամեանի մէյդան՝ Արտաշատ, ասելու, որ սա մեր երկիրն է»: Նոյն օրը Զարուհի Փոստանջեան պիտի երթայ Կապան՝ «Լիսկայի մօտ եւ պահանջելու է Հայաստանի արդարութիւնը»: Զ. Փոստանջեան պիտի այցելէ նաեւ Ծաւ գիւղ, որուն գիւղապետին դէմ քրէական գործ յարուցուած է:
Ան տեղեկացուցած է, որ 9 Մարտին պիտի այցելէ մարզեր, յատկապէս Գեղարգունիքի մարզ։ Ժամը 11:30ին Ր. Յովհաննէսեան «Բարեւի յեղափոխութեամբ» պիտի ուղղուի Վարդենիս, 13:00ին՝ Մարտունի, 14:30ին՝ Գաւառ, 16:00ին՝ Սեւան: «Գեղարքունիքում յատուկ վախի մթնոլորտ է, բայց մեր ժողովուրդը չի ընդունում այդ վախի մթնոլորտը, եւ պարոն Լիսկայի նման Գեղարքունիքի մարզպետը հրաժարական պէտք է տայ», շեշտած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ անդրադարձած է ՀՀԿական Գալուստ Սահակեանի այն արտայայտութեան, թէ նախագահ դառնալը Րաֆֆի Յովհաննէսեանի երազանքն է: «Ես չգիտեմ նրա երազանքն ինչ է, բայց ես պիտի ապրեմ այնքան, որ տեսնեմ որ մեր երկիրը միացեալ է, ազատ է, անկախ է», եզրափակած է ան։
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցած է Կիներու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ