By Asbarez | Monday, 11 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան իր յայտարարած ու կատարած հացադուլի առաջին օրը տուաւ բացօթեայ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ միշտ ալ ուզած է հանդիպիլ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, նոյնիսկ պատրաստ է բանավիճելու, իսկ եթէ Սերժ Սարգսեանը փափաքի առանձին զրուցել, ապա իրենց զրոյցը կրնայ տեղի ունենալ մօտակայ սրճարաններէն մէկուն մէջ:
Ր. Յովհաննէսեան նշած է նաեւ, որ իշխանութեան կողմէ իր զրուցակիցը կրնայ ըլլալ միա՛յն Սերժ Սարգսեանը:
Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարան դիմելուն՝ Ր. Յովհաննէսեան ըսաւ. «Դատարանն ունի հնարաւորութիւն՝ մինչեւ իր կազմի փոփոխութիւնը մի անգամ իրաւական սահմանադրական վճիռ կայացնելու: Եթէ բացի 1900 ընտրատեղամասերում ընտրատրցակները, կը տեսնէք, որ ժողովուրդը յաղթել է»:
Ազատութեան հրապարակէն դիմելով Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ մենք յաղթել ենք, բայց եթէ Դուք ունէք այդ ոգին, ինքնավստահութիւնը՝ այս վիճակը յաղթահարելու նուազագոյն կամքը, նշանակէք ընտրութիւնների երկրորդ փուլ: Չէք վախենում՝ երկուսով, բանավէճով, երկրորդ բարձրախօսը կը բերուի, բանավէճ անենք, թող ժողովուրդը որոշի: Ճանաչէք ժողովրդի յաղթանակը կամ, նուազագոյնը, ունեցէք այդ սթափ գնահատականը՝ քարոզներից դուրս գալ, կուսակցապաշտութիւնից հեռու մնալ, սեփական իշխանութիւնը կորցնելու վախից դուրս գալ եւ ասել՝ այո՛, պատրաստ եմ յանուն Հայաստանի եւ մեր ժողովրդի երկրորդ փուլ մտնել: Սերժ եւ Րաֆֆի՝ այդ պայքարը Հայաստանի համար է, ոչ թէ Հայաստանի դէմ»:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ մեծ պահքի ժամանակ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը սկսած է իր հացադուլին՝ ան նշեց. «Փետրուարի 18ը ես չնշանակեցի որպէս նախագահի ընտրութեան օր՝ իրենք նշանակեցին: Ես մասնակցեցի, ժողովուրդը յաղթեց, գողացան ժողովրդի ձայնը, ես որոշեցի հացադուլ անել: Ինքներդ որոշէք, թէ ինչու հէնց մեծ պահքի շրջանում՝ նախախնամութիւն է, իսկ մի գուցէ ինքնամաքրման յայտ իւրաքանչիւրիս համար»։
Նշենք, որ Ր. Յովհաննէսեան 10 Մարտին կայացած հանրահաւաքէն ետք հացադուլի սկսաւ Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ:
«Եթէ 9 Ապրիլին Սերժ Սարգսեան կեղծ երդում տայ սուրբ Աստուածաշունչին վրայ, եթէ վեհափառ հայրապետը պղծէ Աստուածաշունչը, օրհնելով ժողովուրդին հակասող, հալածող, ծաղրող, խեղող թեկնածուն, ատիկա իրենք պիտի ընեն իմ դիակիս վրայ», հաստատեց Յովհաննէսեան եւ աւելցուց. «31 Մարտը Ս. Յարութեան օրն է՝ Զատիկն է: Ես մինչեւ 31 Մարտ, եւ անկէ ետք՝ մինչեւ 9 Ապրիլ, եթէ իրենք ուժը չգտան իրենց մէջ, ես պիտի աղօթեմ անոնց համար: Մինչեւ սիրոյ, տղամարդկութեան, մարդկայնութեան եւ իմաստութեան պահը, ես կը յայտարարեմ մեր հրապարակին վրայ ոչ թէ իմ հացադուլս, այլ իմ կեղծիքադուլս, վախադուլս եւ ստադուլս: Եւ քանի տակաւին պարոն Սարգսեան հրաժարական չէ տուած հայրենիքին համար, մեր ժողովուրդի, իր թոռնիկներուն, իմ թոռնիկներուս եւ երեխաներուս ապագային համար, ես կը մնամ «Ազատութեան» հրապարակին վրայ եւ հաց պիտի չուտեմ եւ կեղծիք, սուտ եւ սպառնալիք պիտի չընդունիմ որեւէ մէկէն»:
Ան հաստատեց. «Եթէ Սահմանադրական դատարանը չուղղէ իր յետագիծը, եթէ ինք հակասահմանադրական, հակապետական վճիռ կայացնէ՝ խեղելով ժողովուրդին իրաւունքը եւ ընտրութիւնը, իրեն նոյնպէս պիտի ըսենք ցտեսութիւն եւ նաեւ մեր դատարանը միասին այստեղ պիտի ստեղծենք», յայտնեց ան՝ վստահեցնելով, որ իրենց ճամբան պիտի տանի դէպի յաղթանակ:
Ընդդիմադիր գործիչը յայտարարեց, որ այս ընթացքին իբրեւ «համազգային եւ համապետական հրամայական», «Ազատութեան» հրապարակին վրայ պիտի ձեւաւորուի «Ազգային համաձայնութեան մեր վարչակարգը»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ յայտարարեց, որ յաջորդ հանրահաւաքը տեղին պիտի ունենայ 15 Մարտին՝ ժամը 17։00ին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ