Երկու Կաթողիկոսները Կը Շնորհաւորեն Նորընտիր Պապը

By Asbarez | Thursday, 14 March 2013

ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Հինգշաբթի, Մարտ 14ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն ու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհաւորական նամակներ յղեցին Հռոմէական եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս պապին, մէկ օր առաջ տեղի ունեցած անոր ընտրութեան առթիւ:

«Ձեր կեանքի պարզութիւնը, ընկերութեան զրկեալ դասակարգին նկատմամբ Ձեր ունեցած յատուկ հոգածութիւնը եւ Ձեր ամբողջական յանձնառութիւնը եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, վստահաբար նոր կենսունակութիւն պիտի յառաջացնէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան ծիրէն ներս», իր նամակին մէջ գրած է Արամ Ա. կաթողիկոս:

«Մեր եկեղեցիների պատմական յարաբերութիւնները յատկանշուած են եղբայրական ջերմութեամբ: Մեծապէս կարեւորում ենք այն առաջընթացը, որ արձանագրել են մեր եկեղեցիները՝ մեր եւ մեր նախորդների շրջանում: Աղօթում ենք, որ այս յարաբերութիւններն առաւել հարստանան», իր կարգին գրած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement