Տաւութօղլու Եւրոխորհուրդի Բեմէն Կը Քննադատէ Հայաստանը

By Էյ.Փի.Էյ. | Tuesday, 01 February 2011

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Յունուար 24-26ին տեղի կ՛ունենայ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի այս տարուան առաջին լիագումար նիստը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն:

Երկուշաբթի օրուան իր ելոյթին ընթացքին, Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Թուրքիան, Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններով կ՛ուզէր իրականցել շարք մը նպատակներ, սակայն գոյութիւն ունեցող հարցերը ձախողութեան մատնած են այդ գործընթացը:

«Հայաստան գրաւուած կը պահէ Եւրոխորհուրդի անդամ եղող երկիրի մը հողային տարածքին 20 տոկոսը», պնդեց ան՝ աւելցնելով, որ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը կախեալ է ոչ միայն Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, այլեւ՝ Ատրպէյճանէն: «Երբ Հայաստան կը գրաւէ Ատրպէյճանի 20 տոկոսը, այս կը նշանակէ, թէ ան կ՛ոտնակոխէ կազմակերպութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը», աւելցուց նախարարը:

comments

Advertisement