By Asbarez | Friday, 15 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 15 Մարտին Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմնակիցներու հանրահաւաքը, որ վարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը:
Արմէն Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ թէեւ քաղաքացիներուն անհանգստութիւնը՝ Յովհաննէսեանի հացադուլին գծով հասկնալի է, սակայն Յովհաննէսեան հաւաստիացուցած է, որ այդպիսով նախկին թեկնածուին կամքն ու պայքարի ձգտումը կը զօրանայ:
Մարտիրոսեանը նաեւ հաղորդած է, որ ընդդիմութեան կողմնակիցներուն հաստատմամբ, 15 Մարտէն պիտի սկսի ստորագրահաւաքը հետեւեալ գրութեան տակ. «Ես՝ Հայաստանի քաղաքացիս ողջունում եմ նորընտիր նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պայքարը, պատարստ եմ ամէն կերպ աջակցել նրան, այդ թւում՝ մասնակցել Ապրիլի 9ի բողոքի ակցիային»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան խօսք առնելով նշեց, որ պայքարը կը պատկանի ողջ հայ ժողովուրդին եւ «ես միայն մի մասնիկն եմ այս ամէնի»: Անոր համաձայն, ժողովուրդը ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ առանց իրեն, եւ ինք ալ ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ առանց ժողովուրդին:
«Սրանից յետոյ ոչ միայն գործադիրը, այլեւ՝ դատական համարագրը պէտք է ձեւաւորուի մեր կողմից՝ ժողովրդի կողմից», ըսաւ ան։
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն գծով Ր. Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինչպէս մասնակցեցան նախագահական ընտրութիւններուն, այնպէս ալ պիտի մասնակցին այդ ընտրութիւններուն, «որի ժամանակ իշխանութիւնը լինելու է ժողովրդինը»:
«Ժառանգութիւն»ը իր ցուցակը ներկայացնելու է յաջորդ շաբաթ. Երեւանի քաղաքապետը լինելու է ժողովրդից մէկը: Երեւանը վերադարձուելու է ժողովրդին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ մանրամասնութիւնները պիտի տրուին յաջորդ «յաղթահաւաքի» ժամանակ:
Սահմանադրական դատարանին տուած որոշումին անդրադառնալով՝ Յովհաննէսեան ըսաւ. «Մենք Սահմանադրական դատարան դիմեցինք ոչ թէ պատրանք տածելով, այլ հնարաւորութիւն տալով, որ ՍԴն իր յետագիծը մաքրի եւ լինի իսկապէս Սահմանադրական դատարան», յայտնեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Ր. Յովհաննէսեանի համաձայն, Սահմանադրական դատարանը չյանձնեց իր քննութիւնը եւ հերթական անգամ դարձաւ «գործադիրի կցորդը». «Ես կարծում եմ, որ կեղծ դատավճռի պատճառով ՍԴն նոյնպէս պէտք է փոխուի»:
Խօսելով ԵԺԿի նախագահ Մարթընսի արձագանգի մասին՝ Ր. Յովհաննէսեան նշեց, որ Մարթընս սխալած է, անոր դատողութիւնը հիմնուած է սուտի, կեղծիքի, ընտրագողութեան վրայ:
«Եթէ սա է ԵԺԿն, եթէ սա է Եւրոպան, ապա Հայաստանն ընդհանրապէս պէտք է կապ չունենայ այդ կառոյցների հետ», յայտնեց Ր. Յովհաննէսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ