By Asbarez | Tuesday, 01 February 2011
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ազատութիւն» կայանի Ստեփանակերտի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեանը կը յայտնէ, որ 20 տարուան դադարէ ետք՝ առաջին օդանաւը Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանին մէջ վայրէջք պիտի կատարէ յառաջիկայ Մայիսին:
Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայանի շինարարութեան աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին: Ընթացքի մէջ են սարքաւորումներու տեղադրման աշխատանքները: Կահաւորումը պիտի իրականացուի Ապրիլին:
ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան պետ Տմիթրի Ատպաշեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին, վերջինս հաւաստիացուցած է, թէ «հարիւր տոկոսով լուծուած է» թռիչքներու անվտանգութեան խնդիրը:
«Մենք աշխատում ենք ունենալ ժամանակակից սարքեր, որ անվտանգութիւնը ապահովեն. միւս կողմից՝ այդ ծառայութեան համար պատրաստում ենք մասնագէտներ: Յոյսով ենք, որ նորմալ կաշխատենք», նշած է Ատպաշեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Ստեփանակերտի օդակայանի կառուցման աշխատանքները սկսելուն պէս ատրպեճանական լրատուամիջոցները սկսան սպառնալիքներ տարածել այդ ուղղութեամբ, եւ պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ այդ սպառնալիքները ընդամէնը «օդային խօսակցութիւններ են», Ատպաշեանը արձագանգած է. «Ես յոյսով եմ, որ Ատրպէյճանը, լինելով ԻԿԱՕի անդամ, եւ ստորագրելով որոշ միջազգային կոնվենցիաներ (համաձայնագրեր-Խմբ.), կը մնայ իր խօսքի տէրը եւ մեզ չի խոչընդոտի թռիչքների անվտանգութեան առումով»:
Անոր խօսքով, թռիչքները պիտի սպասարկեն SRJ-200 մակնիշի 50 ուղեւորի համար նախատեսուած երեք օդանաւ, որոնց իւրաքանչիւրը կ՛արժէ 15-16 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Յիշեցնենք, որ ընկերութիւնը պիտի կոչուի «Էյր Արցախ», իսկ օդակայանը՝ «Ստեփանակերտի օդանաւակայան»:
Ստեփանակերտ -Երեւան-Ստեփանակերտ թռիչքը, Ատպաշեանի խօսքով, պիտի արժէ մօտաւորապէս 50-60 ԱՄՆ տոլար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ