Տաւութօղլու Կը Պնդէ Թրքական Նախապայմանին Վրայ

By Asbarez | Wednesday, 29 July 2009

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վճռակամ կը մնայ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նախաձեռնութեան վրայ:

Սակայն նոյն ատեն, մեզի համար կարեւոր է միջազգային համայնքին կողմէ եւ մանաւանդ Հայաստանի կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին հարցով նոյն վճռակամութիւնը տեսնել», ըսաւ ան Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սվէն Ալխալաժի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Տաւութօղլու յայտնեց, որ Անգարա Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացին հանդէպ յուսալից է։ «Կը հաւատանք, որ յառաջիկայ հանգրուանին մեր շրջանին մէջ ամէնէն լայն բնականոնացումը պիտի տեսնուի», ըսաւ ան։

Յայտնենք, թէ թուրք նախարարը Յուլիս 30ին, երկօրեայ այցելութեան մը համար Լիբանան պիտի մեկնի:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement