Ատրպէյճան Կարելի Կը Նկատէ Արցախի Հարցի Քննարկումը ՄԱԿի Կողմէ

By Asbarez | Wednesday, 29 July 2009

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ատրպեճանական Թրենտ» գործակալութիւնը յղում կատարելով ՄԱԿի նիւ եորքեան կեդրոնակայանին՝ յայտնած է, որ ՄԱԿ «Գլխաւոր Ասամպլիա»ի (համաժողով) 64րդ նստաշրջանին պիտի քննարկուի Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ կապուած երկու հարց, որոնք կը վերաբերին ՎՈւԱՄ տարածքին մէջ սառեցուած հակամարտութիւններու վտանգաւորութեան եւ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներուն:

Թրենտ»ի հաղորդագրութեան առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, թէ սովորաբար ՄԱԿ ԳԱ նստաշրջանի օրակարգը կ՛ընդունուի նստաշրջանի առաջին օրը, իսկ վերոնշեալ հարցերը արդէն իսկ ներառուած էին 63րդ նստաշրջանին եւ բնականաբար կ՛անցնին 64րդ նստաշրջան:

Ես համոզուած եմ՝ մօտակայ ժամանակներում ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը կը մնայ միակ միջնորդ մարմինը», ընդգծած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեանը՝ մեկնաբանելով «Թրէնտ»ի տարածած տեղեկատուութիւնը:

Ա. Մարտիրոսեան նկատած է, որ, այդուհանդերձ, այլ ատեանի կողմէ հարցին քննարկումը ՎՈւԱՄի ոեւէ անդամի իրաւունքն է, մանաւանդ որ Գլխաւոր համաժողովի բանաձեւերը չունին իրաւական եւ քաղաքական ուժ կամ նշանակութիւն:

comments

Advertisement