Օսկանեան Կը Զօրակցի Յովհաննէսեանի Բողոքին Եւ Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հրաժարելու

By Asbarez | Thursday, 21 March 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի շարունակուող բողոքին՝ միեւնոյն ատեն կոչ ուղղելով գործող կառավարութեան՝ հրաժարական տալու, նկատի ունենալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ձախող քաղաքականութիւնը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Օսկանեան դիտել տուած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկող եւ հացադուլ կատարող Րաֆֆի Յովհաննէսեանը ի՛նք պէտք է որոշէ իր հետագայի քայլերը:

«600 հազար մարդ իր բողոքն է արտայայտել գործող իշխանութիւնների նկատմամբ, փոփոխութիւն է ուզել ե՛ւ անձի, ե՛ւ մօտեցումների, ե՛ւ քաղաքականութեան, եւ այդ փոփոխութեան կրողը այս պահի դրութեամբ՝ որպէս նախագահական ընտրութիւնների յետարդիւնք, Րաֆֆի Յովհաննէսեանն է», յայտնած է ան։

Օսկանեան նաեւ քննադատած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը այն պատճառով, որ ան չի պատրաստուիր կառավարութեան կազմին մէջ  արմատական փոփոխութիւններ կատարելու: Նախկին նախարարը նշած է, թէ նոյնիսկ քուէարկութեան պաշտօնապէս արձանագրուած արդիւնքները նախագահը պէտք է մղէին «կտրուկ գործողութիւններ»ի, որոնց կարգին՝ մարդուժի եւ քաղաքական:

comments