By Asbarez | Thursday, 21 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».– 21 Մարտին տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, որ մաս պիտի չկազմէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն իրենց քաղաքական ուժի համամասնական ցանկին։ Ան դիտել տուած է, որ ունի պատասխանատուութիւն ժողովուրդի դիմաց եւ պատրաստ է զայն կատարելու մինչեւ վերջ: «Ժառանգութիւն»ը արդէն պատրաստած է իր ցանկը՝ «Բարեւ, Երեւան» անունով: «Մեր կուսակցութիւնը Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին մասնակցելու է քաղաքացիական լայն ճակատով՝ յոյս ունենալով, որ յընթացս կը կարողանայ համագործակցել այլ ուժերի հետ», նշած է Յովհաննէսեան։
Ան նկատել տուած է, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը պատրաստուին համագործակցելու ընտրութիւններէն ետք, սակայն ճիշդ պիտի ըլլար, որ ընտրութիւնները մղէին համագործակցաբար: «Լաւ կը լինէր, որ սա լինէր լայն ճակատով, չստացուեց, բայց «Ժառանգութիւնը» հաւատարիմ է իր սկզբունքին՝ ծառայել Հայաստանի քաղաքացու շահին: Փետրուարի 18ին Հայաստանի Հանրապետութեան մանրակերտը փոխուեց, եւ սրանից յետոյ կուսակցութիւնները պէտք է սպասարկեն քաղաքացու շահը», ըսած է ան։
Ապա Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտնած են, որ 5 Մայիսին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին «Բարեւ, Երեւան» նորաստեղծ դաշինքով:
««Ժառանգութեան» հաւատամքը մէկ-մէկ եղել է ի վնաս մեզ, բայց մենք փորձել ենք քաղաքացիական ծրագրով ներգրաւել այլ կուսակցութիւնների: Այս անգամ եւս չստացուեց այնպէս, ինչպէս մենք ցանկանում էինք, բայց ակնյայտ է, որ հայ ժողովուրդը, տուեալ դէպքում մայրաքաղաքի ժողովուրդը որոշելու է, թէ ով է լինելու աւագանու մեծամասնութիւնը», նշած է կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը: Ան դիտել տուած է, թէ դաշինքի ցանկին մաս կը կազմեն ներկայացուցիչներ «Ժառանգութիւն», «Ժողովրդավարական Հայրենիք», «Ժողովրդավարական ուղի», Պահպանողական, ՀԱՍԿ կուսակցութիւններէն, նաեւ կան գիտնականներ, մշակութային գործիչներ, լրագրողներ, քաղաքացիական գործիչներ:
«Ժառանգութեան» մամլոյ քարտուղար Յովսէփ Խուրշուդեանը ընթերցած է ցանկը, որուն առաջին տասնեակին մէջ են Արմէն Մարտիրոսեանը, Անահիտ Բախշեանը, Մեսրոպ Մովսիսեանը, Ստեօպա Սաֆարեանը, Գագիկ Բաղդասարեանը, Արթուր Գասպարեանը, Դաւիթ Սանասարեանը, Արթուր Իսպիրեանը, Կարլեն Ալեքսանեանը, Անի Քոչարը:
Համամասնական ընտրացանկին մէջ են նաեւ Իզաբելլա Աբգարեանը, «Ժառանգութեան» գործիչ Դանիէլ Իոանիսեանը, ԵՊԼՀի նախկին ղեկավար Սուրէն Զոլեանը, ազգագրագէտ Աղասի Թադեւոսեանը, Սպառողներու միութեան նախագահ Արմէն Պօղոսեանը, ընդհանուր թիւը՝ 64 հոգի:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ