Րաֆֆի Յովհաննէսեան Հրապարակեց Իր Առաջարկները՝ Յղուած Սերժ Սարգսեանին

By Asbarez | Friday, 22 March 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ».- Ուրբաթ, Մարտ 22ին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ «Ժառանգութեան» առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղուած իր գրաւոր «վերջին» առաջարկները:
«Ժառանգութեան» առաջնորդին համաձայն, նախագահին ուղղուած նամակին մէջ արձանագրած է, որ «կէս ճանապարհին էլ պատրաստ է հանդիպել եւ յաղթահարել այս ճգնաժամը, ու դրա համար սպասում է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քայլի»:
Կ՛առաջարկուի երկու տարբերակ, որոնցմէ մէկը նախագահական արտակարգ նոր ընտրութիւններու կայացումն է:
«Բայց եթէ նա (նախագահը) գողացուած եւ կեղծուած ընտրութիւններով հանդերձ ուզում է շարունակել պաշտօնավարել՝ որպէս դէ ֆակտօ նախագահ, այդ հնարաւորութիւնը պէտք է տանք», ներկաներուն դիմելով յայտնած է Ր. Յովհաննէսեան։
Միւս տարբերակը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութեան կայացումն է՝ այս տարուան ընթացքին: «Սակայն մինչ այդ պէտք է բարեփոխուի ընտրական օրէնսգիրքը՝ սահմանելով ընտութիւններ միայն համամասնական ընտրակարգով: Պէտք է փոխուեն նաեւ ընտրական յանձնաժողովները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեն հանրապետութիւնից բացակայողների ցուցակները», ըսած է ան:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն, երկրէն բացակայողներուն համար պէտք է մշակել դրութիւն մը՝  ապահովելով անոնց մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: Հակառակ պարագային, պէտք է բացառել անոնց բացակայութեան օգտագործումով ընտրութիւններու կեղծումը:
Նախագահէն կ՛ակնկալուի նաեւ, որ ան պաշտօնանկ ընէ առնուազն 5 մարզպետ եւ անոնց փոխարէն նշանակէ ժողովուրդին փափաքով եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ ներկայացուած թեկնածուները: Պէտք է պաշտօնանկ ըլլան նաեւ կարգ մը քաղաքապետներ եւ գիւղապետներ, այլ պաշտօնեաներ, որոնք կը նպաստեն ընտրակեղծարարութեան:
Կառավարութեան եւ այլ ծառայութիւններէն Րաֆֆի Յովհաննէսեան կ՛ակնկալէ ժողովուրդին կողմէ առաջարկուած եւ անձամբ իր ներկայացուցած անձերուն մէջ տեսնել հետեւեալ ոլորտներու ղեկավարներ՝ գլխաւոր դատախազութիւն, հարկային եւ մաքսային վարչութիւն, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, արդարադատութեան նախարարութիւններ, Ազգային ժողովի վերստուգիչ պալատ եւ արդարադատութեան խորհուրդ:
Նախագահին ուղղուած առաջարկներուն մէջ ամրագրուած է, որ այդ դրոյթները կազմեն ստորագրուելիք պայմանագիրին անբաժան եւ անբեկանելի դրոյթները՝ մինչեւ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւնները:
Նամակը կարդալէ ետք Յովհաննէսեան տեղւոյն վրայ ստորագրած է զայն եւ դրած է ծրարի մը մէջ, յայտնելով, որ անիկա անմիջապէս պիտի ուղարկուի նախագահական պալատ։
Աւելի ուշ, նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ստացա՞ծ է Յովհաննիսեանի նամակ-առաջարկը եւ պատասխան պիտի տրուի՞ անոր, ըսած է. «Հայաստանի նախագահին հասցէագրուած բոլոր նամակները պատշաճ կարգով ուսումնասիրւում եւ արձագանգ են ստանում»:

comments