Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Տաւութօղլուն Ստախօս Է

By Asbarez | Tuesday, 23 June 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ՝ Յունիս 19ին, Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայ Դատի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարած է, թէ «Թուրքիայի արտգործնախարարի յայտարարութիւններով չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պիտի բնորոշուեն: Եթէ թշնամական մօտեցումները Թուրքիայի կողմից իսկապէս վերացուած են, ապա փաստացի ապացոյցներ են պէտք, նուազագոյնը՝ շրջափակման վերացումը, իսկ շրջափակումը, միջազգային իրաւունքի համաձայն, ոչ թէ սառը պատերազմի, այլ պատերազմի միջոց է: Հետեւաբար, Տաւութօղլուի ասածները թուրքական դիւանագիտութեան հերթական ճարպիկութիւնն են»:

«Այլ խօսքով, Տաւութօղլուն սուտ է խօսում, ստախօս է: Իսկ պաշտօնական Երեւանը համարժէք պատասխան չի տուել, չի տալիս եւ, փաստօրէն, շարունակում է թոյլ տալ, որ տաւութօղլուները խօսեն նաեւ պաշտօնական Երեւանի անունից», աւելցուցած է դաշնակցական գործիչը:

Ըստ Կ. Մանոյեանի, Թուրքիան իր յայտարարութիւններով կը փորձէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, թէ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, մինչդեռ խորքին մէջ, անոնք փակուղի մտած են, քանի որ թրքական կողմը կը շարունակէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իր նախապայմանները առաջ տանիլ: «Իսկ պաշտօնական Երեւանը ոչ միայն չի ասում՝ վերջ այս բանակցութիւններին, որովհետեւ Թուրքիան շարունակում է խօսել նախապայմաններով, այլեւ թոյլ է տալիս, որ Թուրքիան ինչպէս ցանկանում է, այնպէս էլ մեկնաբանի իր արարքները», նշած է ան:

Անոր խօսքերով, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ սկսելով՝ Հայաստանը ինքնիրեն վերածած է ճնշումներու առարկայի եւ դարձած՝ խոցելի: Կ. Մանոյեան ուշադրութեան հրաւիրած է նաեւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի յայտարարութեան շուրջ, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման հարցին, ընդգծելով, որ ատով իսկ կը բաւարարուի թրքական կողմի երկրորդ պահանջքը:

«Համոզուած եմ, որ թուրքական դիւանագիտութիւնը կը գտնի մի հնարք մեր նախագահին՝ «խաղի մէջ պահելու» համար, այսինքն՝ չի բացառւում, որ մէկ-երկու օրով սահմանային անցակէտը բացուի, որպէսզի Հայաստանի նախագահը հիմք ունենայ ասելու, որ ինչ որ տեղաշարժ կայ, ուրեմն մենք մնում ենք բանակցութիւնների մէջ, բայց իրականում ոչ մի տեղաշարժ էլ չի լինի: Կարծում եմ, նախագահն այդպիսի վերաբերմունք կ՛ունենայ, որովհետեւ յայտարարել է արդէն, որ եթէ Թուրքիան բանակցութիւնները ձախողի, աշխարհն առնուազն տեսած կը լինի, որ Հայաստանը պատրաստ էր առանց նախապայմանների Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Այսինքն, Հայաստանը բանակցում է նաեւ աշխարհին ինչ որ բան ցոյց տալու համար, իսկ դա ինքնին արդէն դրական ոչինչ չի կարող խոստանալ», յայտնած է Կ. Մանոյեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement