By Asbarez | Friday, 22 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանը պէտք է հնարաւորինս լաւ պատրաստուի Հայոց Ցեղսպանութեան հարիւրամեակին, քանի որ Թուրքիայի կառավարութիւնն այս պահին ակտիւօրէն պատրաստւում է հայկական գործունէութեանը հակազդելու համար», յայտնած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) հայագիտութեան ամպիոնի ղեկավար Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուած է. «Թուրքիայում Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին պատրաստուելու համար պետական յանձնաժողով է ստեղծուել, որը աշխատանքներ է տանում հայկական քարոզչութեանը հակազդելու համար, ինչը նշանակում է, որ մենք պէտք է ամէն ինչ շատ արագ եւ լաւ կազմակերպենք, մշակութային բազմազան միջոցառումների շնորհիւ միջազգային հանրութեանը լսելի դարձնենք մեր ձայնը»։ Յովհաննէսեանի համաձայն, այդ տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է կազմակերպումը նման գիտաժողովներու, որոնք քայլերը համակարգելու եւ յստակեցնելու առիթ պիտի տան։
Ռ. Յովհաննէսեանը մատնանշած է այն, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գիտնականներ չեն ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց կառավարութեան դիրքորոշումը եւ անընդհատ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն՝ Ցեղասպանութեան առնչուած նոր մանրամասնութիւններ բացայայտելու ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայկական կողմին հակազդելով հանդերձ, երբեմն հայերը սիրաշահելու փորձեր կը կատարէ՝ հանդէս գալով անցեալը մոռնալու եւ համերաշխութիւն հաստատելու կոչերով: «Ոչ մի հայ երբեք պէտք չէ տուրք տայ այդպիսի կոչերին եւ սիրաշահումներին», հաստատած է ան՝ շեշտելով, որ այնքան ատեն որ Թուրքիա պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանը պէտք է սառն պահէ այդ երկրին հետ իր յարաբերութիւնները:
Ամերիկեան համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի ղեկավարին համաձայն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար շատ կարեւոր է աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական դիրքորոշումը այս հարցին նկատմամբ: «Այս հարցում մենք պէտք է միասնական լինենք, պէտք է յստակ սահմանենք մեր դիրքորոշումներն ու գերակայ խնդիրները, մօտակայ եւ հեռակայ նպատակները», ըսած է Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ առաջին հերթին հայկական կողմը պէտք է հասնի այն մակարդակի, որ Թուրքիա այլեւս չխեղաթիւրէ Ցեղասպանութեան փաստերը եւ ընդունի իր պատմութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ