By Asbarez | Monday, 25 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան դրական նկատած է կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին ուղղուած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին գրաւոր պատասխանը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարտիրոսեան յայտնած է, որ բովանդակային առումով մեկնաբանութիւններ չունի: «Բովանդակային մեկնաբանութիւն կարող է տալ միայն Րաֆֆի Յովհաննէսեանը», նշած է ան՝ ընդգծելով, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ե՞րբ այս մասին պիտի արտայայտուի Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, բայց լրատուամիջոցները նախապէս տեղեակ պիտի պահուին:
Միւս կողմէ, քաղաքագէտներ Ալեքսանդր Մարգարովը, Հրանտ Մելիք Շահնազարեանը եւ Լեւոն Շիրինեանը «Արմէնփրէս»ին հետ զրուցելով՝ այս մասին նշած են, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի միասին աշխատելու առաջարկը՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին ներկայացուած, լաւագոյն ելքն էր ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու։ Անոնց համաձայն, ասիկա որակական նոր հանգրուան է քաղաքական դաշտին մէջ:
Ալեքսանդր Մարգարովը նշած է, որ իշխանութեան այս քայլը կառուցողական է եւ կ՛ենթադրէ բանակցային մթնոլորտի ստեղծում: «Մինչ այս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան բանակցութիւններն ընթացել են միջնորդաւորուած ձեւով: Այժմ փորձ է արւում բանակցութիւնները տեղափոխել անմիջական քննարկումների ոլորտ», յայտնած է Մարգարովը՝ աւելցնելով, որ այս ձեւով կարելիութիւն կը ստեղծուի մօտեցնելու իշխանութեան եւ ընդդիմութեան դիրքորոշումները: Անոր համաձայն, Րաֆֆի Յովհաննէսեանին բոլոր պահանջները արդարացի չեն, հետեւաբար իշխանութիւնը քանի մը հարցերու առնչութեամբ զիջումներ չի կրնար ընել: Սակայն Մարգարով համոզուած է, որ արդարացի պահանջները անպայման պիտի ստանան իրենց լուծումները:
Ստեղծուած իրավիճակին միակ ելքը, ըստ Հրանտ Մելիք Շահնազարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի միջեւ համագործակցութիւնն է: Ան կը կարծէ, որ կարելի է որոշ չափով գոհացում տրուի Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պահանջներուն: «Սերժ Սարգսեանի այսօրուայ նամակը ցոյց տուեց, որ իշխանութիւնը պատրաստ է զիջումների գնալ եւ գլոբալ առումով՝ նախագահը համաձայնում է Րաֆֆի Յովհաննէսեանի որոշ առաջարկներին» յայտնած է Մելիք Շահնազարեանը:
Բանակցային միջոցներով հարցը լուծելը հաւանական կը նկատէ նաեւ Լեւոն Շիրինեանը, որուն կարծիքով, «դա է քաղաքական կոլապսից խուսափելու միակ տարբերակը»: «Պէտք է կոտրել ձեւաւորուած այն կարծրատիպը, որ իշխանութիւնը միայն ճնշումների միջոցով է քաղաքականութիւն վարում: Սա պատմական շանս է քաղաքակիրթ ձեւով լուծումներ տալ ներքաղաքական հարցերին», դիտել տուած է Շիրինեանը՝ աւելցնելով, որ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան ոչ թէ իրարու դէմ, այլ յանուն ընդհանուր նպատակի, որ կրնայ ըլլալ քաղաքական դաշտի ապասակաւապետացում եւ իրաւական պետութեան ստեղծում:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ