By Asbarez | Tuesday, 26 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումի մը ընթացքին, Եւրոպայի Բ. խմբակէն ներս, Հայաստանի հաւաքականը Երեքշաբթի, Մարտ 26ին, Երեւանի մէջ 0-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Զեխիոյ ազգային խումբէն:
Հակառակ Հայաստանի կազմի շարունակական յարձակումներուն, Չեխիա կրցած է անառիկ պահել իր բերդը եւ յատկապէս երկրորդ կիսախաղին նախաձեռնած է հակայարձակումներու, որոնցմէ երեքը յաջողութեամբ պսակուած է:
Հայաստանի խումբէն լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերցին բերդապահ Ռոման Պերեզովսքին, Եուրա Մովսիսեանն ու Մարքոս Փիզելին:
Այս մրցումէն ետք Հայաստանի ազգային հաւաքականը միայն երեք կէտ խլած է իր կատարած 4 մրցումներէն: Հաւաքականը յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Յունիս 7ին, Երեւանի մէջ, հիւրընկալելով Մալթայի հաւաքականը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ