By Asbarez | Tuesday, 26 March 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան պատասխանած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխան-նամակին՝ երկխօսութիւն սկսելու առաջարկին վերաբերող, ըսելով, որ պատրաստ է ներկայիս պետութեան ղեկավարին հետ տեսակցելու Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կամ անոր հետագայ առաջարկներուն մասին տեղեակ ըլլալու այլ նամակով մը։
Նախագահին ուղղուած նամակին մէջ, զոր 26 Մարտին ընթերցած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Յովսէփ Խուրշուդեանը, Յովհաննէսեան յայտնած է, որ պիտի չդադրեցնէ 10 Մարտին սկսած իր հացադուլը, քանի որ ինք առողջ է, կազդուրման կարիք չունի, ինչպէս Երկուշաբթի իր նամակին մէջ նշած էր Սարգսեանը:
Յովհաննէսեան չէ մեկնաբանած նախագահ Սարգսեանի առաջարկները: Ան խոստացած է այդ մէկը կատարել «Ազատութեան» հրապարակին վրայ Չորեքշաբթի կայանալիք մամլոյ բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին:
Նամակին մէջ գրած է.
«Պարոն Սերժ Սարգսեանին
ՀՀ գործող նախագահ
Յարգելի պարոն Սարգսեան,
Երէկ ստացայ Ձեր՝ Մարտի 25ի թուակիր նամակը: Դրական եմ գնահատում, որ Դուք վերջապէս ուղղակի գրութեամբ պատասխանեցիք իմ համալիր առաջարկին:
Թէեւ նամակի ընդհանուր ձեւակերպումներում նկատելի են որոշ վիճարկելի փաստարկներ ու կանխակալ համոզումներ, այդուհանդերձ, առաջխաղացում կարելի է համարել հանգամանքը, որ Դուք պատրաստ էք բանակցութիւնների հիմք ընդունել իմ ներկայացրած փաստաթուղթը:
Վերահաստատում եմ իմ պատրաստակամութիւնը՝ հանդիպելու Ձեզ եւ սեղանին դրուած համազգային հանգուցալուծումը քննարկելու ցանկացած ժամի ու ցանկացած ձեւաչափով Ազատութեան հրապարակում: Շնորհակալ եմ իմ առողջութեամբ մտահոգուելու համար, անհանգստանալու հարկ չկայ, ես միանգամայն առողջ եմ, կազդուրման կարիք չունեմ, եւ կարող ենք առանց յետաձգելու իրականացնել մեր աշխատանքային հանդիպումը յանուն սահմանադրական Նոր Հայաստանի:
Եթէ ինչ-ինչ պատճառով Ազատութեան հրապարակը յարմար վայր չդիտէք հանդիպման առումով, ազատ զգացէք կրկին նամակով ներկայացնելու իմ ամբողջական փաստաթղթերից բխող՝ Ձեր բովանդակային առաջարկութիւնները, որոնք Ձեր նախորդ արձագանքում բացակայում էին:
Հայրենիքի հաւատամքով եւ ժողովրդի ձայնով՝
Րաֆֆի Կ. Յովհաննէսեանը»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ