ՀՅԴն Աւագանիի Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի «Երեւան՝ Փոխիր Հայաստանը» Կարգախօսով

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2013

ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յայտնած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Երեւան՝ փոխիր Հայաստանը» կարգախօսով։

«Փոփոխութիւններն սկսուելու են Երեւանից եւ տարածուելու ամբողջ Հայաստանում։ Այս սկզբունքով է առաջնորդւում ՀՅԴն, եւ դա է պատճառը, որ մեր կարգախօսն է՝ «Երեւան, փոխիր Հայաստանը», յայտնած է Վարդանեան՝ տեղեկացնելով, որ մասնագիտական խումբը կ՛աշխատի նախընտրական ծրագիրին վրայ:

«Մենք պէտք է կարողանանք գիտակցել, որ սա ցուցակների առաջին համարների ընտրութիւն չէ, սա ընտրութիւն է քաղաքական ուժերի միջեւ: Ընդամէնը 4 տարում ՀՀԿն երեք քաղաքապետ է նշանակել, եւ սա նշանակում է, որ այդ ուժի համար ոչ թէ ընտրովի, այլ նշանակովի պաշտօն է», նկատել տուած է Աղուան Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ Երեւանի աւագանին պէտք է իսկապէս ըլլայ դերակատար, եւ, բնականաբար, այս ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ պիտի ըլլան։

Ըստ անոր, ՀՅԴն կը միտի այս ընտրութիւններուն արդիւնքներով ցոյց տալ իր իսկական դիրքը. այս մէկը ընելու բոլոր նախադրեալները կան՝ մասնագիտական կազմ, սկզբունքներ: «Կուսակցութիւնն ամէն ինչ անելու է յաղթելու համար: Մենք աշխատում ենք ամէնժամեայ ռեժիմով՝ ցուցադրելու համար քաղաքական պայքարի եւ քաղաքն արդիւնաւէտ կառավարելու մեր հնարաւորութիւնները», դիտել տուած է Վարդանեան՝ յոյս յայտնելով, որ արդիւնքները ըլլան արժանահաւատ:

Անդրադառնալով ընտրութիւններուն ընդդիմութեան միասնական ցանկով հանդէս գալու հարցին՝ Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ «միասին մի ցուցակով գնալը չյաջողուեց, բայց նաեւ առանձնաբար մասնակցութիւնն էլ կարող է իրավիճակ փոխել»: Ան անգամ մը եւս անդրադարձած է աւագանիի ընտրութիւններէն առաջ նկատուող բացասական երեւոյթներուն:

«Արդէն իսկ սկսել են ընտրակեղծիքներ նախապատրաստել: Ամէն օր մի վարչակազմում հերթական շրջայցեր են տեղի ունենում, բայց սա երեւացող կողմն է, իսկ չերեւացողն այն է, որ իշխանութիւնը գործի է դրել իր ողջ վարչակազմը: Ուսուցիչներին, համատիրութեան նախագահներին հերթով կանչում են կուսակցութեան գրասենեակներ, ամենախիստ յանձնարարութիւններ են տալիս, ֆինանսական ռեսուրսներն արդէն կամաց-կամաց գործի են դրւում, մարզպետերը Երեւանում շտաբներ են բացել: Բայց այսօր մթնոլորտ է փոխուել, եւ ժողովուրդը տեսնում է, որ կարող է ինչ որ բան փոխուել», յայտնած է Աղուան Վարդանեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է չվախնալու եւ խախտումներ նկատելու պարագային անմիջապէս արձանագրելու ու տեղեակ պահելու համապատասխան մարմինները, իսկ լրատուամիջոցներուն յորդորած է հաստատել թէժ գիծ, որուն միջոցով քաղաքացին կարենայ արձանագրել իր նկատած թերութիւնն ու խախտումը:

Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ Դաշնակցութիւնը ո՞ւր պիտի ըլլայ 9 Ապրիլին՝ Մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր պիտի կայանայ Սերժ Սարգսեան երդմնակալութեան արարողութիւնը, թէ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողքին:

Վարդանեանը նշած է, որ նկատի առնելով սկսած գործընթացները, բանակցութիւնները, լուծումներ գտնելու փորձերը, յստակ չէ, թէ 9 Ապրիլին ո՛ւր պիտի ըլլայ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, եւ ինչ տեղի պիտի ունենայ: Ան յայտարարած է, որ օրը կու գայ, բարին ալ՝ հետը, եւ ՀՅԴն իր հետագայի կատարելիքներուն մասին տեղեակ կը պահէ։

ՀՅԴի պատգամաւորը համաձայն չէ գտնուած լրագրողին այն դիտարկման, որ ՀՅԴն կը բացակայի հրապարակէն: «Մենք այն տեսակ չենք, որ միկրոֆոն տեսնենք, վազենք, տեսնենք ժողովուրդ է հաւաքուած, անպայման առաջ ընկնենք, խօսենք: Նայէք հրապարակում ելոյթ ունեցողներին… Եթէ ասելիք կայ եւ այդ ասելիքը ծրագրային է, մենք ասելու ենք», յայտարարած է Վարդանեան:

Ան անգամ մը եւս յստակացուցած է, որ այսօր առկայ է իրավիճակ մը, որ հանգուցալուծում կը պահանջէ, որովհետեւ եթէ այսպէս շարունակուի, առճակատումներ տեղի ունենան, արդիւնքը դրական կրնայ չըլլալ: Հանգուցալուծման կարելի է հասնիլ միայն քաղաքական դաշտին մէջ, քաղաքական համաձայնութեամբ, իսկ թէ ի՞նչ կրնան ըլլալ անոր բաղադրիչները, այսօր շատ դժուար է ըսել, բայց որոշ շարժում նկատելի է, յայտնած է Վարդանեան:

«Ոչ ոք չի կարող երաշխաւորել, որ ամէն ինչ կը կարգաւորուի, բայց գործընթաց է սկսուել: Մեզ համար հիմնականն այն լուծումներն են, որոնք երկրում փոփոխութիւններ կը բերեն, երկիրը կը դնեն ճիշդ ուղու վրայ: Գործող իշխանութիւնը պակաս պատասխանատուութիւն չպէտք է ունենայ այս վիճակից դուրս գալու համար, որովհետեւ եթէ մտածում են, որ ամէն ինչ կը փակուի, կը վերջանայ, սխալւում են», եզրափակած է Վարդանեան:

comments