Բակօ Սահակեան Մօտէն Հետաքրքրուած Է Մարտունիի Կացութեամբ

By Asbarez | Friday, 29 March 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Մարտին այցելած է Մարտունի քաղաք եւ մասնակցած շրջանի վարչակազմի 2012ի գործունէութեան հաշուետուութեան նուիրուած նիստին։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, քննարկման ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկած են Մարտունիի վարչակազմի ղեկավար Նելսոն Սողոմոնեանը եւ տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ:

Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նախորդ տարուան ընթացքին շրջանին մէջ իրականացուած են ծաւալուն աշխատանքներ, որոնց արդիւնքներն ակնառու են: Միեւնոյն ժամանակ, երկրին ղեկավարին համաձայն, շրջանին մէջ առկայ են բազմաթիւ խնդիրներ եւ ընելիքներ: Բակօ Սահակեան ընդգծած է աշխոյժ եւ համակարգուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնարարականներ տուած է այդ ուղղութեամբ:

Հաշուետու նիստին մասնակցած են նաեւ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:

comments