By Asbarez | Monday, 07 February 2011
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքէջը, վկայակոչելով Ատրպէյճան-Ամերիկեան առեւտրական գրասենեակի մէկ հաղորդագրութիւնը՝ կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա Երեքշաբթի, Փետրուար 1ին, ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքի մը ընթացքին յայտարարած է. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորումը ինծի համար առաջնահերթ խնդիր է», միաժամանակ խոստանալով Ատրպէյճանի ու Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած էր Պրայզայի երդման արարողութիւնը ու ան յառաջիկայ օրերուն Պաքու պիտի մեկնի։
Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնը թափուր էր 2009ի Յուլիսէն ի վեր։
Նախագահ Պարաք Օպամա այդ պաշտօնին համար առաջարկեց Պրայզայի թեկնածութիւնը, սակայն Ծերակոյտը չվաւերացուց անոր նշանակումը։ Օպամա անցեալ Դեկտեմբեր 30ին, Պրայզան դեսպան նշանակեց՝ օգտուելով Քոնկրեսի արձակուրդէն, իսկ անցեալ շաբաթ առաջարկեց Ծերակոյտին, որ անոր նշանակումը վաւերացնելով՝ երկարաձգէ անոր մէկ տարուան պաշտօնավարութիւնը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ