Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄի Միջվարչական Դիւաններու 8րդ Խորհրդաժողովի

By Asbarez | Thursday, 04 April 2013

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շրջաններու միջվարչական դիւաններու 8րդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 29, 30 եւ 31 Մարտ 2013ին՝ Նիկոսիա, Կիպրոս:
Խորհրդաժողովին՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողքին կը մասնակցէին ՀՄԸՄի 7 շրջանային եւ 6 մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ:

Խորհրդաժողովը նախ եւ առաջ լսեց շրջաններու իրավիճակին, գործունէութեան եւ դժուարութեանց մասին զեկուցումներ: Ապա Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ ծրագիրին հիմամբ ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ փոխանցեց յառաջիկայի իր ծրագիրներուն առնչուող մանրամասնութիւնները:

Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան ծիրին մէջ ներկայացուեցան մանրամասնութիւններն ու հանգրուանները, դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ յառաջիկային զանոնք կանխարգիլելու համար նկատի առնուած քայլերը: Շեշտուեցաւ շրջաններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ապագայի աշխատանքներու իրականացման համար:

Սկաուտական աշխատանքներու մարզին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց իրագործելի ծրագիրները, Միջցամաքամասային խմբապետական վերաորակաւորման դասընթացքներու մանրամասնութիւնները, «Արարատեան կարգ»ի մասնակցութեան վերանայուած պայմանները, 2014ի ամրան իրագործելի ՀամաՀՄԸՄական 10րդ բանակումին առնչուող մանրամասնութիւնները, գիրքերը վերամշակելու եւ կայքէջին վրայ տեղադրելու ծրագիրները:

Մարզական բնագաւառին գծով Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց մարզական յանձնախումբին պատրաստած 2013ի ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու ամբողջական ծրագիրները եւ յայտագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ բացման հանդիսութեան, յայտագիրին, դաստիարակչական բաժինին եւ այցելութիւններուն առնչուող մանրամասնութիւններ:

«Մարզիկ» պաշտօնաթերթին առնչութեամբ կատարուեցան դժուարութեանց մատնանշումներ եւ զանոնք հարթելու կարելիութիւններուն մասին խօսուեցաւ: Փոխանցուեցան նաեւ գաղափարներ ու կարծիքներ՝ շրջանները աւելի ներգործօն դարձնելու թերթին տարածման աշխատանքին մէջ:

Արծարծուեցան ՀՄԸՄի 95ամեակի տօնակատարութիւնը միացեալ թուականով տօնակատարելու ծրագիրի մանրամասնութիւնները: Փոխանցուեցան անհրաժեշտ թելադրանքներ եւ կատարուեցան առաջարկներ:

Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուղղութեամբ փոխանցուեցաւ 100ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին մէջ ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութիւնը ներառելու որոշումը՝ յանձինս ատենապետ Գառնիկ Մտրտիչեանին: Ներկայացուեցան առաջարկներ ՀՄԸՄի առնչուող ոգեկոչման պատշաճ ձեւերուն մասին:

Վարչական դիւանակալական աշխատանքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ, Կեդրոնական վարչութիւնը՝ հիմնուելով ժողովական կանոններու հասկացողութեան վրայ, տուաւ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ, փոխանցեց թելադրութիւններ ընդհանրապէս փոխյարաբերութեանց մարզերու մէջ, ապա կատարեց լուսաբանութիւններ՝ ընդհանուր կանոնագրութեան որոշ յօդուածներու շուրջ:

Ժողովականները յուզումով ունկնդրեցին ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան առաքած սրտի խօսքը եւ միաձայնութեամբ որոշեցին սատար հանդիսանալ ՀՄԸՄի Սուրիոյ շրջանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Խորհրդաժողովը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ՀՄԸՄ-ՀԵՄ Կիպրոսի Մեկուսի վարչութեան, որ առաւելագոյն չափով ջանք չէր խնայած լաւագոյնս կազմակերպելու ժողովին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական վերջին իրադարձութիւններուն:

Խորհրդաժողովին մասնակիցները համոզումով մեկնեցան՝ հաստատ եւ ամրակուռ քայլերով շարունակելու ՀՄԸՄի անվերջ ու կազմակերպուած աշխատանքները, միշտ հաւատարիմ մնալով մջութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»ին:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

comments