Կառավարութիւնը Տարածք Կը Նուիրէ Նունէ Եսայեանին

By Asbarez | Wednesday, 10 April 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».–  «Նունէ Եսայեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը 10 տարի ժամկէտով անհատոյց կը ստանայ Երեւանի Տիգրան Մեծ 26ա հասցէին գտ-նուող 53 դպրոցի երրորդ յարկը՝ 487.5 քառ. մեթր տարածքով: Համապատասխան որոշման նախագիծ ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 11 Ապրիլի նիստի օրակարգին վրայ:

«Նունէ Եսայեան» բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած ծրագիրին համաձայն, կազմակերպութիւնը նպատակ ունի հիմնել ուսումնական կեդրոն, ուր պիտի գործեն հայոց լեզուի, ուսողութեան, օտար լեզուի, երգի, պարի եւ համակարգչային անվճար դասընթացքներու խմբակներ: Կեդրոնը երեխաներուն նաեւ առիթ պիտի տայ տարբեր արհեստներ սորվելու, մշակութային օճախներ այցելելու, անուանի մարդիկ հիւրընկալելու եւ ամառնային արձակուրդները ճամբարներուն մէջ անցընելու:

comments

Advertisement