By Asbarez | Monday, 15 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».– 15 Ապրիլին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ ՀԱԿԿ հիմնադիր համագումարը, որուն հրաւիրուած են աւելի քան 1200 պատուիրակներ: Համագումարին առաջինը ելոյթ ունեցողը եղաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեանը: Ան յիշեցուց, որ Հայոց Համազգային Շարժման ընթացքը կը շարունակուի եւ ՀԱԿը իր համագումարը կը կայացնէ: Այս առիթով ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անունով ան ողջունեց ներկաները։
«Այս համագումարը կարեւոր ժամանակ է տեղի ունենում: Ընթացող ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական լրջագոյն գործունէութիւնների մէջ: Ես վստահ եմ, որ կարեւորագոյն որոշումներ կը կայացնէք, դրանք էլ կ՛օգնեն յաղթահարել մեր երկրի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներին պատասխանելու համար:
«Մէկ տարի էլ չկայ միասին ենք աշխատում, բայց վստահ եմ, որ մեր համագործակցութեան շնորհիւ կը կարողանանք երկրում իրավիճակ փոխել՝ անկախ մեր տարաձայնութիւններից: Երկուսս էլ համոզուած ենք, որ այսպէս այլեւս անհնար է: Արնաքամ է լինում մեր ժողովուրդը, ուստի պէտք է կարողանանք միասին մեր ժողովրդին ետ վերադարձնել հայրենիք: Ես վստահ եմ, որ այդպիսի համագործակցութեան բոլոր հիմքերը կան», նշած է Արմէն Ռուստամեան՝ շարունակելով, որ առաջին համագործակցութեան առիթը աւագանիի ընտրութիւններն են, որոնց ընթացքին միասնական դիրքորոշումներով կարելի է Երեւանի մէջ հաստատել ընդդիմութեանն իշխանութիւնը: Ռուստամեանի համաձայն՝ եթէ այս մէկը կարելի ըլլայ յաջողցնել, ապա ընդդիմութեան մէջ գործող որեւէ ուժ եւ ընդդիմութիւնը ինքնին կը հզօրանան, ընդդիմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մայրաքաղաքին մէջ ինչպէս կարելի է իշխանութեան հասնիլ, հասնիլ աւելի արդիւնաւէտ կառավարման: Ասիկա, ըստ անոր, առաջին մեծ մարտահրաւէրն է:
«Մենք յայտարարել ենք յետընտրական դաշինքի մասին: Ուրախ եմ, որ ՀԱԿԿն դա կարեւորեց: Եթէ մէկ անգամից հնարաւոր չլինի ընտրել ընդդիմադիր քաղաքապետ, ապա դա կ՛անենք՝ աւագանիներում միասին աշխատելով: Մեծ հնարաւորութիւն կայ օգտագործելու այդ ամէնը», իր խօսքը եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ