By Asbarez | Monday, 15 April 2013
15 Ապրիլին Երեւանի մէջ սկսած է «Հայ-քորիական տնտեսական համագործակցութեան ապագայ հեռանկարները» միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի եւ Քորիական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին համալսարանի ղեկավար Գայիանէ Գասպարեանը, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Միջազգային տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Ալեքսանդր Աւետիսեանը, Հայաստանի մէջ Քորիայի դեսպանի խորհրդական Փակ Ճի Ընը:
Փակ Ճի Ընի համաձայն, կան բոլոր կարելիութիւնները տնտեսական բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը աւելի բարելաւելու եւ ընդլայնելու համար:
Ալեքսանդր Աւետիսեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը՝ նշելով, որ Հայաստանը պատրաստ է համագործակցելու եւ ընդլայնելու տնտեսական կապերը Քորիայի հետ: Ան տեղեկացուցած է, որ համագործակցութեան համար հեռանկարային կը նկատուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, դեղագործութեան եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտները:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 2012ին Հայաստանի ու Քորիայի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 50 միլիոն տոլար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ