By Asbarez | Friday, 19 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Առաւօտ», «Նիուզ».– Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քարոզչական խումբը 18 Ապրիլին ունեցաւ առաջին հրապարակային հանդիպումը՝ Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի ընտրողներուն հետ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴի համամասնական ցանկը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի ո՛չ թէ աւագանիի կազմին մէջ քանի մը աթոռ ունենալու համար, այլ՝ քաղաքապետը փոխելով, քաղաքին մէջ լուրջ փոփոխութիւններու նախաձեռնելու։
«Սա պէտք չէ դիտուի միայն որպէս համայնքային ընտրութիւն: Իշխանութիւնններն ամէն ինչ անում են, որ դա ներկայացնեն միայն կենցաղ-սպասարկման հարցեր լուծելու համար քաղաքապետի ընտրութիւն եւ այդպէս չէզոքացնել դժգոհութիւնները: Որովհետեւ այդպէս շատ հեշտ է լինում, անձնական մակարդակի հարցի մակարդակի իջեցնելով, քաղաքապետի ընտրութիւնները դարձնել անձի, բարեկամի, ծանօթի յարաբերութիւններով պայմանաւորուած ընտրութիւն: Սրան պէտք չէ տրուել, որովհետեւ սա քաղաքացիներին մղում է պասիւութեան: Եթէ դուք հետաքրքրութիւն չունենաք այս ընտրութիւնների նկատմամբ, իշխանութիւնը կը վերարտադրուի եւ կը պահպանի այսօրուայ իր հնարաւորութիւնները: Երեւանցիների մեծ մասը դժգոհ է երկրում ստեղծուած իրավիճակից, եւ դրա կոնկրէտ դրսեւորումը մեր աչքի առաջ է: Մենք, փոխելով Երեւանում քաղաքապետ, կարող ենք ոչ միայն Երեւանում, այլ ամբողջ հանրապետութիւնում լուրջ փոփոխութեան հիմք դնել», յայտնած է Արմէն Ռուստամեանը:
Անոր համաձայն, դժգոհութեան տուն տուող հիմնական պատճառը այն է, որ գործող իշխանութիւնը, իշխող կուսակցութիւնը նոյնացած է պետութեան հետ, իշխանութիւնը վերահսկելի չէ, եւ գոնէ Երեւանի մէջ իրավիճակը կարելի է փոխել, եթէ քաղաքապետը ընդդիմադիր ըլլայ. «Նա կը դառնայ մի մեծ հակակշիռ այս իշխանութիւնների հետ յարաբերութիւններում: Ասում ենք՝ «Երեւան, փոխիր Հայաստանը», որովհետեւ եթէ այդ լուրջ փոփոխութիւնները Երեւանում լինեն, այս միահեծան դրուածքը Հայաստանում կը փոխենք»:
Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետի ընտրովի պաշտօնը վերածած է նշանակովի պաշտօնի, քաղաքապետը որեւէ ձեւով ընտրողը իրեն իբրեւ յենարան նկատի չ՛առներ, որովհետեւ անոր նշանակող–ազատ կացուցողը կուսակցութիւնն է: Եւ պատահական չէ, որ 4 տարուան ընթացքին 3 քաղաքապետ փոխուած է մայրաքաղաքին մէջ: Նոյն միահեծան իշխանութեան պատճառով, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, աշխատատեղերու ստեղծման, արտագաղթի կանխման, տնանկներուն բնակարանով ապահովման հարցերը կը մնան թուղթերու վրայ։
ՀՅԴի թեկնածուն յայտարարած է, որ եթէ նախագահական ընտրութիւններուն կարելի չեղաւ կացութիւնը փոխել, ապա հարկ է միասնաբար մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, կարելի է համագործակցիլ արդէն յետընտրական հանգրուանին, եւ Երեւանի մէջ ընդդիմութեան իշխանութիւնը հաստատել. «Եթէ քաղաքացին իմանայ, որ, քաղաքապետին փոխելով, կարող է քաղաքում լուրջ փոփոխութիւնների հասնել, որը թէ՛ Հայաստանը կը փոխի, թէ՛ Երեւանը, մենք կը գնանք ոչ թէ որպէս պարզ ընտրութեան, այլ այս իշխանութիւններին անվստահութիւն յայտնելու հանրաքուէի», հաստատած է Ռուստամեան։
Ան նաեւ նշած է, որ իշխող ուժը սկսած է տուրք տալու վարչական պաշարներուն, խօսքը կը վերաբերի նաեւ ընտրակաշառքին, սակայն նախագահական ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ այս հակաօրինական միջոցները այլեւս նախկին տարողութեամբ չեն ազդեր ընտրողին վրայ: «Ընդդիմութիւնն էլ, ունենալով տեղամասերում իշխանութեանը հաւասարաչափ ներկայացուցիչներ, կարող է ամբողջութեամբ վերահսկել գործընթացը եւ պահպանել քաղաքացու քուէն»:
Իսկ եթէ ընտրողը ձայն տայ Դաշնակցութեան, Արմէն Ռուստամեան կը խոստանայ, որ լիարժէք կարելիութիւն ունենալով իր ծրագիրները իրականութիւն դարձնելու, շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին արդէն փոփոխութիւնները տեսանելի պիտի ըլլան:
Ըստ Ռուստամեանի, Րաֆֆի Յովհաննէսեան պէտք է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն գլխաւորէր համամասնական ցանկը, իսկ մնացած ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները ներառուէին այդ ցանկին մէջ, եւ ժողովուրդը յստակօրէն կ՛իմանար, որ այդ ցանկին մէջ գտնուող մարդիկ կ՛երթան քաղաքային իշխանութիւնները փոխելու, որպէսզի յետոյ փոխեն իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ:
«Մայրաքաղաքը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի եւ ամենաքաղաքականացուած տարածքն է, առաւել եւս, Հայաստանի համար: Կարծում եմ՝ այդ ամէնը չնկատելը մեծ սխալ էր», նշած է Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կազմակերպած հանդիպման պիտի փորձէ անգամ մը եւս հիմնաւորել այն, որ ընդդիմութեան միաւորումը տակաւին կարելի է, եւ յետընտրական միութիւնը պէտք է կազմաւորուի: «ՀՅԴն վաղուց է հանդէս եկել յետընտրական միութեան մասին յայտարարութեամբ՝ նշելով, որ եթէ նախընտրական միութիւնը չի կայացել, դեռ ոչինչ կորած չէ եւ կարելի է միաւորուել Երեւանի աւագանու ներսում»:
Անոր համաձայն, կարեւոր է, որ լուրջ քաղաքական ուժերը յայտարարութիւն կատարեն յետընտրական միութեան մասին եւ պարտադիր չէ, որ անոնք միաւորման մասին որեւէ փաստաթուղթ ստորագրեն: «Քաղաքական ուժերից իւրաքանչիւրը գիտակցում է, որ իր յայտարարութիւններին հակասող գործունէութիւնը նրան քաղաքական դիակի կը վերածի», նշած է Ա. Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ անտրամաբանական պիտի ըլլայ եթէ Երեւանի աւագանիի մեծամասնութիւն ունեցող քաղաքական ուժերը քաղաքապետ չընտրեն, «դա կը նշանակի, որ նրանք գործում են իրենք իրենց դէմ»: «Նման սցենարը հնարաւոր կը լինի միայն իշխանութեան հետ ընդդիմադիր ուժերի գաղտնի բանակցութիւնների դէպքում: Մեր հիմնական նպատակը ընտրութիւնները իշխանութեան նկատմամբ անվստահութեան հանրաքուէի վերածումն է, դա յաջողութիւն կը բերի բոլոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերին», նշած է Ա. Ռուստամեան:
Անոր համաձայն, յետընտրական հանգրուանին ընդդիմութեան միաւորման բեմագրութիւնը բաւականին իրատեսական է, քանի որ ներկայ դրութեամբ ոչ մէկ քաղաքական ուժ չէ կրցած 50 տոկոսէն աւելի ներկայութիւն ապահովել Երեւանի աւագանիին մէջ, իսկ եթէ ՀՀԿն ու «Օրինաց երկիր»ը միասին 50 տոկոս չունին, «ապա այդ տոկոսը կ՛ունենան միւս ուժերը՝ միաւորուելով եւ քաղաքապետ ընտրելով», հաստատած է Ռուստամեան։
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան այս առիթով ըսած է. «Եթէ ուզում էք աւելի լաւ Երեւան ունենաք, ինչպէս հանրապետականներն են ասում, ուրեմն պիտի ՀՀԿականններին չքուէարկէք, որովհետեւ կ՛ունենաք այն, ինչ ունէք: Անցել է 4 տարի եւ որեւէ խնդիր Երեւանում չի լուծուել ոչ տրանսպորտի հետ կապուած, ոչ բնապահպանութեան հետ կապուած: Այո՛, կոսմետիկ բաներ արել են՝ ծաղիկներ են տնկել, նստարաններ են դրել, բայց արդեօք դրանից երեւանցու կեանքը փոխուել է, եւ արդեօք երեւանցիները դրա ակնկալիքն ունէին»: Արսէն Համբարձումեան վստահեցուցած է, որ ՀՀԿականները պարզապէս խաբէութեամբ կը զբաղին, որովհետեւ լաւ գիտեն, որ եթէ Երեւանի մէջ պարտուին, կը պարտուին ամբողջ Հայաստանի մէջ: «Եթէ ուզում էք Երեւանում վիճակ փոխել, պիտի գնաք եւ քուէարկէք ընդդիմութեանը, առաջին հերթին՝ ՀՅԴին: Մենք միշտ եղել ենք սկզբունքային: Երբեւէ չի եղել դէպք, որ ՀՅԴական պաշտօնեան ձախողի: Չէք կարող յիշել նման դէպք: Այդ վստահութեամբ ենք ասում, որ գնացէք ու քուէարկէք ՀՅԴի օգտին: Բոլոր տարբերակները փորձել էք, էս անգամ միահամուռ գնացէք եւ ընտրէք ՀՅԴին եւ տարբերութիւնը կը տեսնեք», հաստատած է ան: ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նաեւ կոչ ուղղած է բնակիչներուն. «Ում ուզում էք քուէարկէք՝ ինձ համար միեւնոյն է: ՀՅԴին քուէարկելով՝ դուք քուէարկում էք ձեր ընտանիքի օգտին: Եթէ ՀՅԴի օգտին քուէարկէք, Երեւանը բարեկեցիկ կը լինի եւ անվտանգ կը լինի: ՀՅԴն շատ բան կարող է փոխել երկրում: Բայց դրա համար անհրաժեշտ է, որ քուէարկէք մեր օգտին: Մի արխային ընկէք, ասէք հա՜, ՀՅԴն ուժեղ է, համահայկական կառոյց է: Գնացէք եւ քուէարկէք:
Ամենակարեւոր հարցը, որ մենք կը լուծենք՝ իշխանութեանը կը զսպենք: Մենք կարող եւ ունակ ուժ ենք, որ բռնենք ու պատժենք այդ յանցագործ ձեռքը: Մենք՝ ՀՅԴն, ի վիճակի է Երեւանում ապահովել այնպիսի կարգուկանոն, այնպիսի ծրագրեր իրականացնել, որ իւրաքանչիւր հայ, որ ծայրում էլ ապրի, պարտաւորուած կը լինի ոչ միայն այցելել Երեւան, այլ ներդրումներ անել՝ Հայաստանի զարգացման գործում: Այսօր շատ սփիւռքահայեր ներդրումներ չեն անում, գումարներ չեն անում, որովհետեւ գիտեն, որ որոշ յանցագործ խմբաւորումներ թոյլ չեն տալու գործ սկսել ու աշխատատեղեր ստեղծել»: Ան աւելցուցած է, որ բանավէճի հրաւիրած են բոլոր կուսակցութիւններու առաջին դէմքերը, որպէսյի գան եւ բանավիճին Արմէն Ռուստամեանի հետ. «Ինչպէս տեսնում էք, որեւէ մէկը չի արձագանգում, չեն գալիս, որովհետեւ գիտեն, որ պարտուելու են այդ բանավէճում: Մենք, որ եկել ենք այսօր ձեր դուռը, ասում ենք, որ հաշուետու ենք լինելու ձեզ: Ձեր պապերի պաշտած դաշնակցութեանը քուէարկէք այս անգամ, մի՛ զլացէք»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ