By Asbarez | Friday, 19 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Եւրոպական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Եան Պաուերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 Ապրիլին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Չեխ խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, լռութեամբ յարգած են ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Եան Պաուերն ու պատուիրակութեան անդամները շրջագայած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած են Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն, հետաքրքրութեամբ դիտած են ցուցանմոյշները:
«Պատուոյ հիւրերու յուշամատեան»ին մէջ Եան Պաուերը հետեւեալը արձանագրած է. «Շնորհակալութիւն, որ կրցայ գտնուիլ այս թանգարանին մէջ։ Տխուր ու ողբերգական է: Կարելի է դասեր քաղել: Ես շատ տխուր եմ, որ Դուք ունեցած էք այսպիսի ողբերգական անցեալ»:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն՝ ան դիտել տուած է, որ թէեւ ասիկա Հայաստան տուած առաջին այցելութիւնն է, բայց անիկա շատ ազդեցիկ ու յուզիչ եղած է։
Ինչ պէտք է ընել ցեղասպանութիւնները կանխելու համար հարցումին պատասխանելով՝ Եան Պաուերը նշած է. «Չեխիոյ Հանրապետութիւնը Եւրամիութեան անդամ երկիր է, եւ մենք կը զբաղինք այդ հարցով: Մենք պէտք է դասեր քաղենք, որպէսզի նման դէպքերը չկրկնուին»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ