By Asbarez | Friday, 19 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 19 Ապրիլին «Անի» պանդոկին մէջ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց «Նոր Հայաստան» համաքաղաքացիական շարժման կազմաւորման մասին:
«Ցանկանում եմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտում այս պահից ժողովրդի սահմանադրական պահանջով մեկնարկում է «Նոր Հայաստան» քաղաքացիական շարժում կազմաւորելու գործընթացը»։
Անոր համաձայն, շարժիչ ուժը ժողովուրդն է, որուն կրնան միանալ բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, սակայն անոնք պէտք է վեր դասեն իրենց կուսակցական շահերը: «Այլեւս հանդուրժելն անկարելի է, հանդուրժեցինք, որ հիմա ունենք քրէաօլիգարխիկ համակարգ, Մարտի 1, անարդար դատավարութիւններ: Եթէ այս պայքարի նոր փուլը ներկայում չհռչակենք եւ հետամուտ չլինենք դրա յաղթանակին, ապա կարող ենք կանգնել լուրջ փակուղու առջեւ», դիտել տուած է Յովհաննէսեան։
«Այս պայքարը իմը չէր ի սկզբանէ, սա ժողովրդին էր, եւ ժողովուրդը յաղթեց», յայտարարեց ան՝ բոլորին կոչ ուղղելով միմիանց չքարկոծելու ու չհիասթափելու:
«Ժողովրդի պայքարը տակաւին աւարտուած չէ, աւելին այն թեւակոխում է վճռական հանգրուան, որ մեզ բերելու է… դուք ասէք», խօսքին իբրեւ արձագանգ՝ ներկաները բացագանչեցին՝ «յաղթանակ, յաղթանակ, յաղթանակ»:
Յովհաննէսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ այն քաղաքական ուժերուն, որոնք չմիացան իր պայքարին.
«Որոշ անհատներ համարեցին, որ իրենք աւելի զօրեղ են իշխանակարգի դէմ պայքարելու հարցում եւ ամրագրեցին առանձին ուղով ընթանալու իրենց որոշումը: Ողջունում եմ եւ յաջողութիւն եմ մաղթում սրտանց: Կամքը իրենցն է, բոլորը կարող էին, եւ աւելի վաղ կարող էին, պարզապէս ազնիւ չէ, երբ դա անում են պայքարի կիզակէտում, բայց հոգ չէ, իշխանութիւնը ժողովուրդն ինքը կը վերցնի, առանց անհատի բացարձակ դերակատարութեան»:
Հետագայ պայքարին համար ան կարգ մը առաջարկներ ներկայացուց: Անոր համաձայն, պայքարը պիտի ըլլայ բազմակողմանի, միջազգային որեւէ ամպիոնէ ժողովուրդին ձայնը պիտի հնչէ: Նախաձեռնութիւններ պէտք է կայանան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ 27 Ապրիլին Յովհաննէսեան իր կողմնակիցներուն հետ անգամ մը եւս մարզային այցելութիւններ պիտի կատարէ։
«Սա նուիրեալների ժամանակն է: Եւ այդ ժամանակի մեկնարկը տրուած է», շեշտեց ան։
«Մենք միասնաբար երդուեցինք եւ ի լուր ամէնքի յայտարարեցինք, որ չենք ճանաչելու կեղծ ղեկավարներին, չենք հնազանդուելու սուտ օրէնքներին, պայքարելու ենք միմեանց ուժ ու կորով տալով՝ մինչեւ յաղթանակ: Մենք մեր երդումը չդրժեցինք», դիտել տուաւ ան։
Յովհաննիսեանի խօսքով, առաջին լուրջ փորձութիւնը Ապրիլ 9ին էր, որմէ ետք՝ «մեր շարքերը չսասանեց, ընդհակառակը՝ այն մեզ աւելի թրծեց ու բիւրեղացրեց»:
«Համոզուեցինք, որ քաղաքականութեան մէջ չկան ինքնաբուխ գործողութիւններ, որովհետեւ դրանք մեծ կորուստներով կարող են լինել: Համոզուեցինք, որ ամէն մի քայլ պէտք է ճշգրիտ հաշուարկուած կառուցուածք ու հիմք ունենայ: Ժողովուրդն ասում է՝ եօթ չափել, մէկ կտրել: Սա պէտք է լինի հետագայ մեր գործողութիւնների համար», դիտել տուած է Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ հրատապ եղած է պայքարի նոր եղանակներու եւ ձեւերու մշակումը:
Ան կոչ ուղղեց ստեղծելու իր գլխաւորած շարժման կազմակերպչական մարմիններ, ինչպէս ինք բնորոշեց՝ ժողովրդական խորհուրդներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ