By Asbarez | Thursday, 25 April 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Կենտրոն վարչական շրջան կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ, ծանօթացած այնտեղ ընթացող բարեկարգման եւ արտաքին ձեւաւորման աշխատանքներուն:
Տարօն Մարգարեանը Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեանի հետ մասնակցած է նաեւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից տեղադրուած փոխներգործող ճատրակի տախտակի բացման արարողութեան:
Ընդգծելով մայրաքաղաքին մէջ նման նորամուծութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը՝ Տարօն Մարգարեան շեշտած է, որ «նման հետաքրքիր ու ինտերակտիւ ձեւաւորումները կարեւոր են նաեւ դաստիարակչական առումով եւ ինքնատիպ խթան կը հանդիսանան շախմատի նկատմամբ հետաքրքրութեան էլ աւելի բարձրացմանը»:
Քաղաքապետը նաեւ նշած է, որ մայրաքաղաքի արտաքին տեսքի ձեւաւորման նման ամբողջացումները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ եւ պիտի կատարուին վարչական բոլոր շրջաններուն մէջ:
Նշենք, որ ճատրակի տախտակը միայն զարդ չէ. փափաքողները կրնան բարձրանալ մօտ 30 քռմ. մակերեսով խաղատախտակին վրայ ու տեղափոխելով խաղաքարերը՝ ճատրակ խաղալ:
Այս նորութիւնը հետաքրքրութիւն ստեղծած է երեւանցիներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն մօտ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ