Հայկական Բանակը Սպառնալիքները Չէզոքացնելու Քայլեր Կ՛առնէ

By Արմէնփրէս | Monday, 14 February 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեկնաբանելով լրատուամիջոցի մը տարածած մէկ տեղեկատուութիւնը, թէ՝ Հայաստանի Զինուած ուժերը (ԶՈւ) հակադիպուկահարային լայնածաւալ գործողութիւններ կը նախապատրաստեն, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան յայտնեց, թէ ԶՈւ գործողութիւնները համարժէք են առկայ սպառնալիքներուն:

Կարապետեանի խօսքով, Հայաստանի Զինուած ուժերու պաշտպանական կարողութիւնները ընդլայնելը եւ զարգացնելը նախարարութեան ամէնօրեայ աշխատանքն է: «Հակառակորդի կողմից հաւանական եւ նուազ հաւանական գործողութիւնների վերաբերեալ մշակուած են համապատասխան մասնագիտական գնահատականներ ու վտանգի չէզոքացման տարբեր սցենարներ», ըսաւ Դ. Կարապետեան:

Նշենք, որ յատկապէս վերջին շրջանին, շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կը նկատուի դիպուկահար կրակոցներու աշխուժացում:

comments