By Armen Press | Monday, 03 August 2009
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս.- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 3ին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքովի հետ հանդիպման ընթացքին դարձեալ յայտարարած է, որ եթէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չլուծուի խաղաղ միջոցներով, ապա «հակամարտութեան լուծման ռազմական ուղին անխուսափելի է:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ սպասարկութեան համաձայն, Սերտիւքով իր երկօրեայ աշխատանքային այցին ընթացքին քննած է ռազմական համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ապահովութեան վերաբերող հիմնախնդիրներ, որոնց շարքին էր նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:
Ապիեւ նաեւ ողջունած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի փոխվարչապետ եւ գաղթականներու հարցերով պետական յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանով Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը 60 միլիառ տոլար արժողութեամբ եւ «Մեծ վերադարձ» անունով ծրագիր նախապատրաստած է՝ դիւրացնելու համար ատրպէյճանցի գաղթականներուն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը:
Մենք կը պատրաստուինք խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագութենէն ետք մեր առնելիք քայլերուն», ըսած է Հասանով:
Անոր համաձայն, ծրագիրը արդէն համաձայնեցուած է միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Ատրպէյճանի մէջ գործող դիւանագիտական առաքելութիւններու հետ: Փաստաթուղթին մէջ նկատի առնուած են գործընթացի բոլոր կողմերը՝ տնտեսական ծրագիրներէն ու ենթակառոյցներու վերականգնումէն, մինչեւ գաղթականներու տուն վերադարձը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան, մեկնաբանելով ատրպէյճանցի փոխվարչապետի այս յայտարարութիւնը՝ բաւարարուած է յայտնելով, թէ Արցախի հարցով բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննուին միայն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ