By Asbarez | Wednesday, 08 May 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի թանգարաններու այցելուներուն թիւը 2012ին նուազած է 11.5 տոկոսով՝ 2011ին հետ բաղդատելով կազմելով 1,949,351 մարդ. այս տեղեկութիւնը փոխանցած է հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Միաժամանակ երկրի թանգարաններ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը 2012ին եղած է 366,731 անձ։
Աւելի մեծ թիւով այցելուներ ունեցած են մայրաքաղաքի թանգարանները, ուր նախորդ տարի այցելուներուն թիւը եղած է 1,776,389՝ 266,544ը՝ աշակերտական–ուսանողական կազմեր: Աւելի քիչ այցելուներ ունեցած են Վայոց Ձորի թանգարանները՝ 1881 հոգի՝ 1608ը զբօսաշրջիկներ:
1,540,446 այցելուներուն 79 տոկոսը Հայաստանի թանգարաններ այցելած է վճարովի։
2012ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ 99 պետական թանգարան՝ 61ը Երեւանի մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ