Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի Մէջ Կը Հիմնէ Նոր Կիլիկիա Գիւղը

By Asbarez | Monday, 13 May 2013

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».¬ Մարտակերտի շրջանին մէջ 12 Մայիսին տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի առաջին տասը բնակելի առանձնատուներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Գիւղը կառուցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան միացեալ ուժերով: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին այդ օրերուն Արցախ գտնուող՝ Թեհրանի եւ Հիւսիսային Իրանի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ եւ բարերարներ:

Շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքին մէջ վարչապետ Արա Յարութիւնեան նշեց, որ Նոր Կիլիկիա գիւղի հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն սիրով արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը: «Պատահական չէ Նոր Կիլիկիայի կառուցման համար ընտրուած վայրը, քանի որ այն կառուցւում է արցախեան պատերազմի ժամանակ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող տարածքում», յայտնեց վարչապետ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ ժամանակին նաեւ այդ տարածքին մէջ վճռուած էր Արցախի ճակատագիրը:

Սեպուհ արք. Սարգսեան շնորհաւորելով նորաբնակները՝ նշեց, որ Ղարաբաղը վերանկախացաւ առաջին հերթին մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով, ամուր վճռականութեամբ ու արեան վկայութեամբ: «Անկախութիւն կերտելը, ճիշդ է, մեծ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ, սակայն զայն պահելն ու ամրապնդելը աւելի մեծ զոհողութիւն եւ հաւաքական ճիգ ու ծրագրուած աշխատանք կ՛ենթադրէ», յայտնած է ան:

Առաջին հանգրուանին կառուցուած 10 երկսենեակնոց առանձնատուներէն երկուքը այդ օրը հանդիսաւոր կերպով յանձնուեցան արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, իսկ միւս ութը հատը՝ վերաբնակիչ երիտասարդ ընտանիքներու:

Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս նախաձեռնութենէն պիտի օգտուին աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ, քանի որ մօտիկ ապագային պիտի կառուցուին եւս 24 առանձնատուներ: «Նորակառոյց թաղամասի աջ եւ ձախ թեւերում յառաջիկայում կը կառուցուի եւս 24 տուն, որից 10ը՝ երեք սենեականոց եւ 14ը՝ 2 սենեականոց», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ, ըստ նախագիծի, պիտի կատարուի նաեւ տարածքի բարեկարգում, փողոցներու լուսաւորութիւն, մայթերու կառուցում: Նոր Կիլիկիոյ մէջ կը նախատեսուի կառուցել նաեւ 50 հոգինոց մանկապարտէզ, համայնքային կեդրոն եւ եկեղեցի։

comments