Իան Քելիի Համաձայն՝ Արցախի Հակամարտութեան Ներկայ Իրավիճակը Անընդունելի Է

By Asbarez | Wednesday, 15 May 2013

 

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ ժամանակաւորապէս Միացեալ Նահանգներու համանախագահի պաշտօնը ստանձնած Իան Քելի, որ ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է, Չորեքշաբթի, Մայիս 15ին, Վիեննայի մէջ կայացող ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն կը փափաքի ձգձգուող հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը մնան ԵԱՀԿի օրակարգին վրայ՝ աւելցնելով, թէ Արցախի հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը անընդունելի է:

«Իբրեւ Մինսկի խմբակի համանախագահ, Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ սերտօրէն գործակցիլ կողմերուն հետ, տագնապը խաղաղօրէն կարգաւորելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն մէջ պէտք է իսկակական յառաջխաղացք ապահովել», աւելցուց ան:

Քելի նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ Պաքուի իշխանութեանց հակադարձութեան ոճով՝ քննադատելով մարդկային իրաւանց գործիչներու ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու դէմ գործադրուող ճնշումները:

comments