By Asbarez | Thursday, 16 May 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ զինուոր մը սպաննուած, եւ ուրիշ մը վիրաւորուած է, երբ հայկական զօրամասին մէջ զինուորական ծառայող մը կրակ բացած է իր ընկերներուն վրայ՝ տակաւին անհասկնալի հանգամանքներու մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 15 Մայիսին՝ ժամը 15:30ի շուրջ:
«Պահակախմբի մուտքի դիտորդ, ժամկետային զինծառայող, շարքային Դաւիթ Խաչատրեանն իրեն ամրակցուած ԱԿՄ տեսակի ինքնաձիգից կրակոց է արձակել, ինչի հետեւանքով պահակախմբում ընդգրկուած ժամկետային զինծառայող, շարքային Լիւքս Ստեփանեանը գլխի շրջանում ստացած հրազէնային վիրաւորումից տեղում մահացել է, իսկ նոյն զօրամասի (ըստ այլ աղբիւրների՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքում գտնուող մարզում) ժամկետային զինծառայող, շարքային Հրաչեայ Սարգսեանը գլխի շրջանում ստացել է հրազէնային վիրաւորում եւ տեղափոխուել ՊՆ կենտրոնական կլինիկական զինուորական հոսպիտալի վերակենդանացման բաժանմունք», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Դ. Խաչատրեանը ձերբակալուած է: Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ