By Asbarez | Wednesday, 22 May 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի տնտեսութեան աշխուժութեան ցուցանիշը 2013 թուականի Յունուար-Ապրիլի դրութեամբ 7.4 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, աճ արձանագրուած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, բացի՝ շինարարութեան, ելեկտրականութեան արտադրութեան բնագաւառներէն: Նուազած են նաեւ ներածման ցուցանիշները: 2012ի Յունուար-Ապրիլին հետ բաղդատելով՝ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն ծառայութիւններուն ծաւալները աճած են 7.2, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը՝ 2.4 տոկոսով: Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 5.4 տոկոսվ, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 12.6 տոկոսով:
Շինարարութիւնը կը շարունակէ անկում ապրիլ. տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշով շինարարութեան ծաւալը կազմած է 94.8 տոկոս: Ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նուազած է 0.7 տոկոսով: Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 2012ի Յունուար-Ապրիլին հետ բաղդատելով աւելցած են 2.8 տոկոսով:
Արտածումը աճած է 16.1 տոկոսով, իսկ ներածումը նուազած 1.1 տոկոսով: Ի դէպ, Ապրիլին՝ Մարտին հետ բաղդատելով, արտաքին ապրանքաշրջանառութիւնը անկում կրած է 2.4 տոկոսով:
Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է երեք տոկոսով՝ Յունուար-Ապրիլին կազմելով 141 հազար 276 դրամ: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձքը հաշուուած է, ըստ այս տարուան 1 Յունուարէն ուժի մէջ մտած «Եկամտային հարկի մասին» Հայաստանի օրէնքին, որուն համաձայն, Հայաստանի մէջ աշխատանքի վարձատրութեան եւ անոր հաւասարեցուած այլ վճարումներուն մէջ 1 Յունուար 2013էն ներառուած են նաեւ գործատուին կողմէ վճարուող պարտադիր ընկերային ապահովութեան վճարումները: Նշուած օրէնսդրական փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք՝ 2013էն սկսեալ աշխատավարձքի ցուցանիշը նախորդող ժամանակագրական շարքին հետ համադրելի դարձնելու նպատակով, նախորդ տարուան համապատասխան ցուցանիշները վերահաշուարկուած են ըստ գործող մեթոտաբանութեան՝ գործատուին կողմէ վճարուող պարտադիր ընկերային ապահովութեան վճարումի հաշուարկային (պայմանականօրէն) դրոյթները կիրառելու մեթոտով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ