Ազգային Ժողովը Հաստատեց Կառավարութեան Քառամեայ Ծրագիրը

By Asbarez | Thursday, 23 May 2013

ԵՐԵՒԱՆ.– Երեք օր տեւած քննարկումներէն ետք Հայաստանի խորհրդարանը 76 թեր եւ 41 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ հաստատեց կառավարութեան 2013-2017 թուականներու գործունէութեան նոր ծրագիրը:

20 Մայիսէն Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուէր վերանշանակուած վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ներկայացուցած «Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու մասին» հարցը:

Ընդդիմութեան կողմէ բազմաթիւ քննադատութիւններու արժանացած կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, «կառավարութիւնը նպատակ է դրել յառաջիկայ չորս տարիների ընթացքում ապահովել տնտեսական աճի առաջանցիկ տեմպեր՝ համախառն ներքին արդիւնքի 5-7 տոկոսի աճի միջոցով, ներմուծման նկատմամբ արտահանման աճ, նուազագոյն աշխատավարձի մակարդակի առնուազն կրկնապատկում, 8-10 տոկոսային կէտով աղքատութեան կրճատում, 100 հազարից աւելի նոր աշխատատեղերի ստեղծում, պետական եկամուտների հաւաքման մակարդակի աճ՝ համախառն ներքին արդիւնքի նկատմամբ տարեկան 0.3-0.4 տոկոսային կէտի չափով»:

Կառավարութեան մշակած ծրագիրին դէմ քուէարկեցին խորհրդարանական ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրես, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ժառանգութիւն» եւ այլընտրանքային «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները՝ յայտարարելով, որ նոյն հին կառավարութեան կազմի ինչպէս նախորդ ծրագիրը, այնպէս ալ այս մէկը ի վիճակի չէ կեանքի կոչուելու: Իսկ ծրագիրին կողմ էին համաձայնական Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը եւ անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանը։

comments