Ամերիկայի Ատրպէյճանցիներն Ու Թուրքերը Նամակ Կը Գրեն Օպամային

By Asbarez | Wednesday, 05 August 2009

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական մամուլի գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի մէջ գործող ատրպեճանական եւ թրքական շարք մը կազմակերպութիւններ նամակ մը յղած են ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամային՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար խաղաղութիւն մը ապահովելու ամերիկեան կառավարութեան ջանքերուն:

Նամակը ստորագրուած է ԱՄՆի Ազերի ցանցի, Ամերիկայի Թրքական միութեանց համախմբումի, Ատրպեճանա-ամերիկեան խորհուրդի եւ թուրք-ատրպեճանական շարք մը այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Անցեալ տարուան ռուս-վրացական ճակատումը շեխտակի դարձուց Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ պատերազմի սպառնալիքը, որ կը բխի անլոյծ մնացած հակամարտութիւններէ, որոնք ծնունդ առած են վերջին քսան տարիներուն՝ իբրեւ հետեւանք Խորհրդային միութեան փլուզման: Վերջերս, քանի մը իրանցի պաշտօնատարներ բացայայտօրէն սպառնալիքներ կարդացին Ատրպէյճանի դէմ, որովհետեւ ան Պաքուի մէջ հիւրընկալած էր Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզը: Նաեւ, ՄԱԿի չորս բանաձեւեր, որոնք կը պահանջեն ատրպեճանական գրաւուած տարաքծներէն հայկական ուժերու հեռացումը շատ քիչ բան կրցած են իրագործել տեղահանուած մէկ միլիոն ատրպէյճանցի փախստականներուն համար: Այս բոլորը հրատապ կը դարձնեն միջազգային հիմնական սկզբունքներու եւ մարդկային իրաւունքներու հիման վրայ կայուն խաղաղութեան հասնելու հարցը, որուն Դուք ալ անդրադարձած էք Ձեր վերջին յայտարարութեան մէջ, ուր կը խօսիք «Ղարաբաղեան հակամարտութեան մնայուն եւ դիմացող լուծումի մը մասին»», գրուած է նախագահ Օպամային ուղղուած նամակին մէջ:

Նամակը կը գնահատէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ԱՄՆի «յաւելեալ նեցուկը» եւ Ռուսիոյ «աճող մասնակցութիւնը», որոնց իբրեւ հետեւանք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ետք, որոշ «թափ» մը ակներեւ դարձած է:

Նշենք, որ ատրպեճանական որոշ աղբիւրներ, ազերի ու թուրք կազմակերպութիւններու շարքին հաղորդած են, թէ հրէական կազմակերպութիւններ եւս իրենց ստորագրութիւնը դրած են այս նամակին տակ: Սակայն այս իրողութիւնը կարելի չեղաւ հաստատել:

comments