By Asbarez | Tuesday, 04 June 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– 3 Յունիսը մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր: «Երեխայի իրաւունքների մասին» Հայաստանի օրէնքով երեխայ կը նկատուի 18 տարեկանը չամբողջացուցած ոեւէ անհատ, բացառութեամբ այն պարագաներէն, երբ օրէնքով սահմանուած կարգով անձ մը գործունակութիւն ձեռք կը բերէ եւ գործունեայ կը նկատուի ճշդուած տարիքէն առաջ։
Ըստ վիճակագրական ծառայութեան, 2011ի տուեալներով Հայաստանի մէջ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն 4.7 տոկոսը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան, իսկ 41.9 տոկոսը՝ աղքատութեան մէջ: Ծայրայեղ աղքատ եւ աղքատ է հանրապետութեան բնակչութեան համապատասխանաբար՝ 3.7 եւ 35.0 տոկոսը: Բայց եւ այնպէս աղքատութիւնը աւելի մեծ վտանգ կը սպառնայ ընտանիքներուն երեխաներուն, քան միւս անդամներուն։
Վիճակագրական ծառայութեան տնային տնտեսութիւններու հետազօտութիւններու բաժնի պետ Դիանա Մարտիրոսովան «Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ երեխաները հասարակութեան խոցելի խումբերուն մաս կը կազմեն, քանի որ ինքնուրոյն կերպով աշխատելու եւ իրենց կարիքները հոգալու կարողութիւն չունին: Ան նշած է, որ 2012ի տուեալները տակաւին պատրաստ չեն, անոնք պիտի հրապարակուին այս տարուան Նոյեմբերին:
Նշենք, որ վերոնշեալ օրէնքով իւրաքանչիւր երեխայ ունի ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր լիարժէք զարգացման համար անհրաժեշտ կենսապայմաններու իրաւունք: Երեխայի զարգացման համար անհրաժեշտ կենսապայմաններու ապահովման հարցին մէջ հիմնական պատասխանատուութիւնը կը կրեն ծնողները կամ այլ օրինական ներկայացուցիչներ: Անոնց կողմէ երեխային համար անհրաժեշտ կենսապայմաններու ապահովման անկարողութեան կամ անկարելիութեան պարագային պետութիւնը կը ցուցաբերէ համապատասխան օգնութիւն:
Պետութեան համապատասխան օգնութիւնը սակայն, միայն աղքատութեան նպաստն է, ինչ որ բաւարար չէ երեխային ֆիզիքական, հոգեւոր եւ մտաւոր կարողութիւններու զարգացման համար:
Մանկական աղքատութիւնը կը տարբերի, ըստ տարածաշրջաններու: Օրինակ՝ քաղաքային շրջաններու մէջ բնակող երեխաներուն ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը 2011ին եղած է 6.1 տոկոս՝ գիւղական բնակավայրերուն մէջ ապրող երեխաներուն 2.4 տոկոսին հետ բաղդատելով, իսկ ընդհանուր աղքատութեան մակարդակը համապատասխանաբար՝ 41.6 տոկոս եւ 42.5 տոկոս:
Մանկական աղքատութեան ցուցանիշները կը տատանին տան մէջ երեխաներուն թիւին, կրտսեր երեխային տարիքային խումբին, հաշմանդամ երեխաներու առկայութեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքի գլխաւոր բաղադրիչներուն տարբեր տուեալներուն (սեռ, կրթական մակարդակ եւ զբաղուածութեան կարգավիճակ) համապատասխան։
Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ բազմանդամ ընտանիքներու երեխաներուն աղքատ ըլլալու հաւանականութիւնը աւելի բարձր է: 2 եւ աւելի քոյր կամ եղբայր ունեցող երեխաները առաւել ենթակայ են աղքատ կամ ծայրայեղ աղքատ ըլլալու։ Մինչեւ 18 տարեկան 3 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն մէջ աղքատ է երեխաներուն 56.8 տոկոսը, իսկ բազմանդամ ընտանիքներու մէջ ծայրայեղ աղքատ է երեխաներուն 8.8 տոկոսը:
Աղքատութեան հաւանականութիւնը աւելի մեծ է այն ընտանիքներու երեխաներուն պարագային, որոնց կրտսեր երեխան 5 տարեկան է կամ աւելի փոքր: Նշեալ ընտանիքներուն մէջ աղքատ է երեխաներուն 46.9 տոկոսը, մինչդեռ այն ընտանիքներուն մէջ, ուր կրտսեր երեխան 15-18 տարեկան է, աղքատ է երեխաներուն 35.8 տոկոսը: Նմանօրինակ հաւանականութիւն նկատուած է նաեւ ծայրայեղ աղքատութեան սահմանին առնչուող ուսումնասիրութիւններուն մէջ։
Այս պարունակին մէջ խոցելի են յատկապէս հաշմանդամ երեխաները: Մէկ կամ աւելի հաշմանդամ երեխայ ունեցող ընտանիքներուն մէջ աղքատութեան հաւանականութիւնը աւելի բարձր է: Աղքատ է անոնց 64 տոկոսը, իսկ 8.4 տոկոսը՝ ծայրայեղ աղքատ:
Մանկական աղքատութեան վրայ ազդող կարեւոր գործօններէն է նաեւ տնային տնտեսութեան գլխաւոր անդամին ամուսնական կարգավիճակը: Ամուրի, այրի կամ ամուսնալուծուած ընտանիքի պատասխանատուի հոգածութեան տակ ապրող երեխաներուն աղքատ ըլլալու հաւանականութիւնը աւելի բարձր է՝ 46 տոկոս, քան ամուսնացած կամ միասին ապրող ամոլին՝ 41.2 տոկոս:
Տնային տնտեսութեան գլխաւորին աշխատանքային կարգավիճակը նոյնպէս մանկական աղքատութիւնը կանխորոշող կարեւոր գործօն է: Թէ՛ աղքատութեան, թէ՛ ծայրայեղ աղքատութեան հաւանականութիւնը շատ քիչ է այն ընտանիքներու երեխաներուն մօտ, որոնց գլխաւորը վերջին եօթը օրուան ընթացքին կատարած է շահութաբեր որեւէ աշխատանք: Այսպէս, այն տնային տնտեսութիւններուն երեխաներուն պարագային, որոնց գլխաւորը կ՛աշխատի, աղքատութիւնը կազմած է 36.7 տոկոս, մինչ չաշխատողներունը՝ 48.2 տոկոս:
Նշենք, որ բոլոր երեխաներուն 45.9 տոկոսը կ՛ապրի չաշխատող գլխաւոր անդամ ունեցող ընտանիքներու մէջ։ Աղքատութեան հաւանականութիւնը շատ բարձր է այն երեխաներուն մօտ, որոնց ընտանիքին մէջ 19-60 տարեկան չափահաս անդամներէն ոչ մէկը կ՛աշխատի:
Արագածոտնի մէջ աղքատութեան մակարդակը միջինէն վար է՝ 18 տոկոս, իսկ ամէնէն բարձրը Շիրակի մարզին մէջ է՝ 56 տոկոսը:
Երեւանի մէջ ծայրայեղ աղքատ է երեխաներուն 3.8 տոկոսը, Արմաւիրի մէջ՝ 5.6 տոկոսը, Լոռիի մէջ՝ 6.8 տոկոսը, Կոտայքի մէջ՝ 8.1 տոկոսը, Շիրակի մէջ՝ 8.2 տոկոսը։
Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատ երեխաներուն 57.8 տոկոսը կ՛ապրի այնպիսի բնակարաններու մէջ, ուր տարածքին մակերեսը չի համապատասխաներ 1 հոգիի համար նախատեսուած չափանիշներուն իսկ: Վատ լուսաւորութեան վայրերու մէջ կ՛ապրի աղքատ երեխաներուն 16.4, իսկ ծայրայեղ աղքատներուն 22.9 տոկոսը:
Աղքատ երեխաներուն 54.5 տոկոսը ունի ջեռուցման բացակայութեան խնդիր, իսկ ծայրայեղ աղքատներուն՝ 65.8 տոկոսը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ