Եւրոմիութիւնը Ռուսիոյ Հետ Պիտի Գործակցի՝ Արցախի Տագնապը Լուծելու

By Asbarez | Tuesday, 04 June 2013

 

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյ Երեքշաբթի, Յունիս 4ին յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ սերտօրէն գործակցելու Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով՝ աւելցնելով, թէ այդ գործակցութիւնը կրնայ տեղի ունենալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի առաջնորդութեամբ տարուող բանակցութեանց ծիրէն ներս:

«Կարելի է տագնապին լուծում մը գտնել: Ժամանակը հասած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կողմերը համաձայնութիւն գոյացնեն՝ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու սկզբունքին շուրջ», յայտարարած է ան:

comments