4-0 Արդիւնքով Հայաստանի Խումբը Դանիոյ Մէջ Ջախջախեց Հիւրընկալ Կազմը

By Asbarez | Tuesday, 11 June 2013

 

ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ, «ՖԻՖԱ».- Յունիս 11ին, ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մէկ մրցումին ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականը Դանիոյ մէջ, 4-0 արդիւնքով, տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց աշխարհի մէջ 20րդ դասուած հիւրընկալ կազմին դէմ, որոշ չափով մեղմացնելով անցեալ Ուրբաթ օր, Երեւանի մէջ Մալթայի հաւաքականէն իր կրած 0-1 արդիւնքով պարտութեան պատճառած յուսախաբութիւնը:

Մրցումին առաջին կօլը կայծակնային արագութեամբ՝ միայն 25րդ երկվայրկեանին, նշանակեց Եուրա Մովսիսեանը, իսկ երկրորդ կօլը՝ Արազ Օզպիլիզը (19րդ վայրկեան): Կիսախաղը աւարտեցաւ 2-0 արդիւնքով: 59րդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեան նշանակեց իր երկրորդ կօլը, իսկ Հենրիխ Մխիթարեանը, 82րդ վայրկեանին, արդիւնքը աւելի գեղեցկացուց՝ կօլ մը եւս նշանակելով:

Այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան Եւրոպայի Բ. խմբակին մէջ 5րդ դիրքէն 4րդ դիրքի բարձրացաւ՝ առաջ անցնելով Դանիայէն:

comments