Հայաստան Կը Մասնակցի Ցեղասպանագէտներու Միջազգային 10րդ Գիտաժողովին

By Asbarez | Monday, 17 June 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Յունիս 19էն 22, Իտալիոյ Սիէնա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 10րդ միջազգային գիտաժողովը:

Երկու տարին մէկ անգամ կազմակերպուող սոյն միջազգային հեղինակաւոր գիտաժողովին բազմաթիւ ցեղասպանագէտներ պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ներառեալ՝ Հայաստանէն:

comments