By Asbarez | Tuesday, 18 June 2013
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Առաջին լրատուական».– Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով հազարաւոր հայեր ուղղուեցան եւ հաստատուեցան Հայաստան: Անոնցմէ ոմանք արդէն տեղաւորուած, աշխատանք գտած են, իսկ մեծաթիւ անձեր աշխատանք չգտնելու պատճառով ստիպուած են երկրորդ անգամ արտագաղթել, այս անգամ ոչ թէ կրկին դէպի Սուրիա, այլ ուրիշ երկիրներ:
Նշենք, որ շուրջ 37 սուրիահայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հիմնականօրէն Քաշաթաղ շրջանին մէջ: «Առաջին լրատուական»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոբերտ Մաթեւոսեան յայտնած է, որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կ՛ուզեն երթալ եւ հաստատուիլ Ղարաբաղի մէջ, սակայն այդքան հնարաւորութիւն իրենք եւս չունին. «Պատրաստի բնակարաններ հիմա էլ չկան, կառուցւում են, էլի դիմողներ կան. մօտ 5-6 ընտանիք այս պահին Երեւանից դիմել է. եթէ կարողանանք այդ խմբին տեղաւորել, արդէն կը գայ յաջորդ խումբը»:
Ան նշած է, որ անխտիր բոլորը աշխատանք ունին արդէն. «Եթէ ուզում են աշխատել, եթէ հողագործութեամբ չեն զբաղւում, քաղաքներում են բնակւում, աշխատանքով ապահովում ենք»:
Մաթեւոսեան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն ձեւով օժանդակել, քաջալերել սուրիահայութեան գալուստը։
Սուրիահայերը մտադրութիւն ունին Ղարաբաղի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատել, անոնց մեծ մասը արդէն արձանագրուած է, երեխաները դպրոց կը յաճախեն. «Յատուկ առանձնացուած ուսուցիչներ կան, որ երեխաների հետ առանձին դասաժամերով զբաղւում են՝ լեզուական անհարթութիւնները շտկելու համար: Մարդկանց մի մասը չի կարողացել Հայաստանում իր կեանքն ապահովել. աշխատանքի խնդիր կար, բնակուելու վայրի խնդիր: Իսկ միւս մասն էլ իրականում ասում է, որ մանկուց երազել է Ղարաբաղում ապրել»:
Ռ. Մաթեւոսեան աւելցուցած է, որ անոնց մէջ կան կահոյքագործներ, բժիշկներ, արհեստաւորներ, հողագործութեամբ զբաղող մարդիկ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ