ՀՅԴ-ի Վերլուծումը Հայաստան-Թուրքիոյ Տնտեսական Հիմնախնդիրներուն

By Asbarez | Wednesday, 24 June 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ, երէկ՝ Յունիս 23ին, ներկայացուած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ կատարուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ճանապարհներու վերաբացման առեւտրատնտեսական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը: Ամփոփագրի ներկայացման եւ քննարկման ներկայ եղած են ԱԺ ներկայացած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տնտեսագէտներ:

ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի խօսքով, կատարուած ուսումնասիրութիւնը նպատակ ունի պատասխան տալու, թէ՝ տնտեսական, առեւտրային, ընկերային ինչպիսի՞ հիմնախնդիրներ կրնան յառաջանալ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային ճանապարհներու բացման պարագային, եւ որքանո՞վ Հայաստանը պատրաստ է անոր՝ իր տնտեսութեամբ, ներքին աղբիւրներով եւ օրէնսդրական դաշտով: Ան միաժամանակ ընդգծած է, թէ ուսումնասիրութիւնը քաղաքական բնութագիր չունի:

Վ. Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ փաստաթուղթի ամբողջական ծրարը պիտի ներկայացուի կառավարութեան, որպէսզի անիկա ուսումնասիրուի փորձագէտներու կողմէ, իսկ ՀՅԴի համար անիկա պիտի ըլլայ այն հումքը, որմէ բխող անհրաժեշտ օրէնքներու ընդունման համար, աշխատանք պիտի ծաւալուի Սեպտեմբերին:

Ուսումնասիրութեան համար հիմք ծառայած են տեղական եւ միջազգային, ինչպէս նաեւ թրքական մասնագէտներու կատարած շարք մը հետազօտութիւններ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ուսումնասիրութեան աշխատանքային խումբի ղեկավար Դաւիթ Լոքեան նշած է, որ կատարուած աշխատանքին նպատակն է բացայայտել ու որակել սահմանի վերաբերեալ առեւտրատնտեսական հիմնախնդիրները եւ անոնց առնչութեամբ սահմանել Հայաստանի դիրքորոշման նախընտրելի ուղիները:

Ուսումնասիրութեան մէջ կը դիտարկուին երկու երկիրներուն տնտեսութեան հիմնական հատուածները եւ անոնց համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ ներմուծումներու, արտահանումներու եւ արտադրութեան վրայ ազդող կարգաւորումը: Այդ ծիրէն ներս կը կատարուին համապատասխան եզրակացութիւններ եւ առաջարկներ:

Դ. Լոքեան նշած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն բազմաթիւ ծառայութիւններ, որոնց նպատակն է զարգացնել թրքական արտադրութեան եւ արտահանման ներուժը, մասնաւորապէս արտահանման նիւթական աջակցութիւնը, որ կ՛իրականացուի Թուրքիոյ արտահանման վարկաւորման դրամատան՝ «Էքսիմբանկ»ի կողմէ: Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին 20 ազատ գօտիներ, ուր գործող կազմակերպութիւններուն համար կան շարք մը նիւթական խթաններ: Ազատ գօտիներուն մէջ գործող արտօնութիւնները կրնան բաւական աժան դարձնել թողարկուած արտադրանքը, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել Հայաստանի համար՝ այդ գօտիներէն դէպի Հայաստան աժան ապրանքներու մեծ հոսքի պարագային: Միւս կողմէ, Հայաստանի համար լաւ հնարաւորութիւն կարելի է համարել այդ գօտիներուն մէջ արտադրուող ապրանքները, որոնք չեն արտադրուիր Հայաստանի մէջ:

Թուրքիոյ մէջ մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ օրէնսդրութեան արդիւնաւէտ կիրառման համար, երկրի վարչական կարողութիւնները բաւարար չեն, որուն հետեւանքով անխուսափելի են խախտումները: Վտանգ կայ, որ անոնք կրնան թափանցել նաեւ հայկական շուկայ: Հայաստանի մէջ նոյնպէս բաւական ցած է մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան մակարդակը: Ուսումնասիրող խումբին կողմէ այդ առթիւ կ՛առաջարկուի Հայաստանի մէջ ներդնել մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան արդիւնաւէտ համակարգ:

Անդրադառնալով գիւղատնտեսութեան ոլորտին՝ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ ոլորտի զգալի ներուժը կ՛ենթադրէ ապագային ներմուծումներու ներքին արտադրանքով փոխարինման եւ արտաքին շուկաներու ընդլայնման ու արտահանման ծաւալներու աճի միտումներ: Անիկա կը բնութագրուի վերահսկողութեան ցած մակարդակով, որուն իբրեւ արդիւնք, արտադրանքի զգալի մասը չի հարկուիր՝ առաւելութիւն ստանալով ներմուծումներու նկատմամբ: Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան ներուժով եւ աջակցութեան զգալի չափերով պայմանաւորուած ոչ բարենպաստ իրադրութեան փոխհատուցման համար, Հայաստանի մէջ պէտք է զարգացնել մրցունակութիւն՝ հիմնուած բարձր արդիւնաւէտութեան, արտադրողականութեան եւ որակի վրայ:

ՀՀ դրամատնային համակարգին մէջ ներկայիս առկայ են խնդիրներ՝ կապուած արդիւնաւէտութեան հետ: Չի բացառուիր, որ հայ-թրքական սահմանի վերաբացման պարագային, Հայաստանի դրամատնային ծառայութիւններու շուկային մէջ յայտնուին թրքական արդիւնաւէտ մասնակիցներ: Ատիկա կրնայ դրականօրէն անդրադառնալ դրամատնային ոլորտի մրցակցութեան մակարդակի բարձրացման վրայ, որ իր հերթին կը յանգեցնէ վարկային աղբիւրներու մատչելիութեան բարձրացման:
Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութիւնը ունի զգալի ներուժ եւ կ՛օգտագործէ իր կարողութիւններուն միայն կէսը: Աւելի մեծ թիւով այցելուներու պարագային, երկիրը կրնայ նուազեցնել մէկ այցելուի հաշիւով ծախսերն ու գիները, եւ աւելի գրաւիչ դարձնել զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Այդ հանգամանքը կրնայ վնասել սակայն Հայաստանի զբօսաշրջութեան հատուածը եւ զայն սպասարկող ծառայութիւններու ճիւղերը: Այդ նպատակով Հայաստանի մէջ կ՛առաջարկուի խթանել ենթակառուցուածքներու զարգացումը, եւ ըստ շրջաններու՝ հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերել:

Դ. Լոքեանի խօսքով, Հայաստան պէտք է ձեւաւորէ հայ-թրքական սահմանի վերաբացման իր դիրքրոշումը եւ բանակցային դիրքը, մշակէ բարեփոխումներու համապատասխան ծրար եւ իրականացման ռազմավարութիւն ու հետեւողականօրէն իրականացնէ զայն: Ըստ Լոքեանի, ներկայացուած ուսումնասիրութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ ոչ միայն հայ-թրքական սահմանի վերաբացման բնութագրին մէջ, այլեւ Հայաստանի օրէնսդրական եւ կազմակերպչական համակարգի բարելաւման գործին մէջ:

«Պոլիտէկոնոմիա» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Թեւանեանի կարծիքով, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարելի չէ դիտարկել միայն տնտեսական հարթութեան վրայ՝ առանց հաշուի առնելու քաղաքական հիմնախնդիրները, որովհետեւ Թուրքիան կը շարունակէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները շաղկապել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրով, որ անընդունելի է Հայաստանի համար: Ըստ իրեն, առանց քաղաքական հիմնախնդիրները լուծելու, հնարաւոր չէ բնական տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement