«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Բացում՝ Նշանաւոր Արուեստագէտներու Մասնակցութեամբ

By Asbarez | Monday, 08 July 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, 7 Յուլիսին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հայաստանեան մշակութային կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն՝ «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 10րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին:

Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախորդեց Ազատութեան հրապարակին վրայ փառատօնի աւանդական բաղկացուցիչներէն մէկը դարձած Կարմիր գորգի արարողութիւնը, որուն վրայէն անցան փառատօնի հիւրերն ու Երեւան ժամանած անուանի շարժապատկերի գործիչներ:

Տօնական երեկոն մեկնարկեց Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի ելոյթով: «Անցած տասը տարիների ընթացքում շատ բան փոխուեց, եւ փառատօնը չէր կայանայ առանց պետական եւ մասնաւոր հատուածի աջակցութեան», իր խօսքին մէջ ըսաւ փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը: Ան յատուկ մրցանակ յանձնեց տասը տարիներէ ի վեր փառատօնի գլխաւոր հովանաւորը հանդիսացող «Վիւասէլ-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրկեանին՝ մնայուն կերպով փառատօնին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

«Ակամայից պէտք է յիշենք 2004 թուականը, երբ փառատօնի հիմնադրմանը շատերը թերահաւատօրէն էին մօտենում, սակայն այն իր վստահ քայլերով կայացաւ», նշեց մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը՝ աւելցնելով, որ «Ոսկէ ծիրան»ը նորանկախ Հայաստանի մշակութային կեանքին գլխաւոր ձեռքբերումներէն մէկը հանդիսացաւ: Մշակոյթի նախարարը նաեւ ընթերցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ «Ոսկէ ծիրան»ին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ յատկապէս նշուած էր. «Հայաստանը դեռ շատ անելիքներ ունի համաշխարհային կինոքարտէզի վրայ իր դիրքն ամրապնդելու համար, ուստի առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի «Ոսկէ ծիրանի»՝ տարածաշրջանում առաջնային կինոփառատօն լինելու փաստը։ Անուրանալի է, որ այսպիսի փառատօնը մեծ պատիւ է ցանկացած երկրի համար եւ հիանալի առիթ՝ մշակութային նոր կապեր հաստատելու ուղղութեամբ: Դա է վկայում փառատօնի մասնակիցների ընդարձակ աշխարհագրութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային լայն լսարան ունեցող մի շարք լրատուամիջոցների հետաքրքրութիւնը «Ոսկէ ծիրանի» եւ մեր երկրի հանդէպ», յայտնած է նախագահը՝ յաջողութիւն մաղթելով կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն։

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ նշանաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը. «Երբ մեզի հարց կու տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը կամ ի՞նչ եղած է հայերուն նպաստը աշխարհին՝ մենք յաճախ մէկ բառով կը պատասխանենք՝

 

«Ազնաւուր»: Ազնաւուրը աստուածային պարգեւ է մեզի. ան անձ մըն է, որ կը սիրէ իր ժողովուրդը, որ իր կարգին՝ կը սիրէ Ազնաւուրը», ըսաւ Էկոյեան՝ «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակը Ազնաւուրին յանձնելու պահուն։

Փառատօնի բացման արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի գլխաւոր դերակատարութեամբ, բեմադրիչ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակել դաշնակահարին վրայ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հովեր» սենեկային երգչախումը, ինչպէս նաեւ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մենապարողներ Ժագլին Սարխոշեանը եւ Ռուբէն Մուրադեանը:

Նշենք նաեւ, որ այս առիթով, 7 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ծիրանի օրհնութիւն։

comments

Advertisement