Նախագահ Սարգսեան Պատրաստ Է Փոխզիջումներու Երթալու՝ Ի Խնդիր ԼՂ Հարցի Խաղաղ Լուծման

By armenia.com.au | Tuesday, 15 March 2011

ՌԻԿԱ.- Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զատլերսի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 9ին պաշտօնական այցով մեկնած է Լաթվիոյ հանրապետութիւն։ Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վալտիս Զատլերսի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վալտիս Զատլերս գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ վերջին տարիներուն աշխուժացած է Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը, զարգացած են կապերը՝ մշակութային, կրթական եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Անդրադառնալով 2009ին Լաթվիոյ նախագահի Հայաստան կատարած պետական այցին՝ կողմերը նշած են, որ այդ այցին ընթացքին ձեռք բերուած շարք մը պայմանաւորուածութիւնները արդէն իսկ կեանքի կոչուած են:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: Մասնաւորապէս, ստորագրուած է Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ 2011-2013ի մշակութային համագործակցութեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններուն միջեւ եւրոմերձեցման ոլորտին գծով համագործակցութեան արձանագրութիւն մը, որուն յաջորդած է Հայաստանի եւ Լաթվիոյ նախագահներու միացեալ մամլոյ ասուլիսը։

Նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ Հայաստան հաւատարիմ է Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով խաղաղ կարգաւորման յանձնառութեան:

Ի պատասխան լաթվիացի լրագրողներու այն հարցումին, թէ՝ հայկական կողմը ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ՝ իրավիճակի հետագայ լարում թոյլ չտալու համար, Հայաստանի նախագահը նշած է. «Հայաստանը յայտարարել եւ յայտարարում է, որ պատրաստ է փոխզիջումների հիման վրայ ԼՂ խնդրի խաղաղ լուծմանը: Դրանով զբաղւում է Մինսկի խումբը: Համանախագահ երկրները, տեւական ժամանակ է, երկու կողմերի հետ փորձում են գտնել լաւագոյն լուծումներ»:

Տեղեկացնելով, որ միջնորդները 2007ին երեք սկզբունքներու՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան, ուժի եւ անոր սպառնալիքի չկիրառման, վրայ հիմնուած լուծում մը առաջարկած են՝ նախագահ Սարգսեան յայտնած է. «Հայաստանը պատրաստ է դրանցով առաջ շարժուելու ու կնքելու համընդհանուր համաձայնագիր»:

Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Ազատութեան յուշարձանին դիմաց:

comments