Եւրոմիութիւնը Կը Պաշտպանէ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Ձեւաչափը

By Asbarez | Monday, 10 August 2009

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Նիուզ.Էյ.Էմ.>> - Եւրոպայի միութեան (ԵՄ) արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Հաւիէ Սոլանա «Կազեթա.ռու.»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը արդէն տարբեր ուղիներով ներգրաւուած է <<արեւելեան հարեւաններու>> միջեւ առկայ ձգձգուող հակամարտութիւններու լուծման ուղիներու որոնման գործին մէջ, եւ կարեւոր դեր կը խաղայ վրացական հարցով միջազգային ժընեւեան խորհրդակցութիւններու գծով:

<<«Մենք գործօն մասնակցութիւն կը բերենք Մերձդնեստրի մէջ <5+2> ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն, եւ ամբողջութեամբ կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին՝ ԼՂ հարցի գծով», յայտնած է Սոլանա ու աւելցուցած, որ «Հարաւային Կովկասի եւ Մոլտովայի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչները յաճախ կ՛այցելեն տարածաշրջան, օգնելով հակամարտող կողմերուն համագործակցութեան միջոցով լուծում գտնելու մեր միջազգային գործընկերներու եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ>>:

Սոլանա նաեւ ընդգծած է. <<Մենք վստահ ենք, որ բոլոր հակամարտութիւններու լուծման ուղղուած ջանքերը պէտք է տեղաւորուին արդէն գոյութիւն ունեցող բանակցային ձեւաչափերու մէջ: Առաւել եւս, որ «արեւելեան գործընկերութիւն» բազմազգ ձեւաչափը լաւ հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի քննարկուին այդ հարցերը>>:

comments