Ըստ Պրայզայի՝ ԼՂի Կարգավիճակը Պիտի Որոշէ Ղարաբաղի Ժողովուրդը

By Asbarez | Monday, 10 August 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզա Ուրբաթ օր, Ծաղկաձորի մէջ, Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդական համաժողովի ընթացքին յայտարարած է. <<Մենք որեւէ կողմի վրայ ճնշում գործադրել չենք կրնար: Մենք միայն կը փորձենք օգնել կողմերուն համաձայնութեան հասնելու>>:

Պրայզա շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին՝ մոսկովեան հանդիպման ընթացքին որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած, եւ ափսոսանք յայտնած է, որ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը չեն յաջողած պատկերուած խնդիրներուն շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարել:

<<Պաշտօնական համաձայնութիւն չեղաւ, բայց անոնք (նախագահները) շատ մօտ էին անոր», ըսած է Պրայզա եւ յոյս յայտնած, որ համանախագահներու Սեպտեմբերի կէսերուն տարածաշրջանային այցելութենէն ետք, «նախագահները կը մօտենան հիմնարար սկզբունքներու չհամաձայնեցուած տարրերը համաձայնեցնելու նախաշեմին>>, ըսած է Պրայզա:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին՝ ամերիկացի համանախագահը յայտնած է, որ ԼՂ վերջնական կարգավիճակը պիտի որոշուի հանրաքուէով: <<Ես երբեք չեմ ըսած, թէ Ղարաբաղը պիտի վերադարձուի Ատրպէյճանին: Ես ըսած եմ միայն, որ միջանկեալ կարգավիճակը կ՛որոշուի հիմա, իսկ վերջնական կարգավիճակը կ՛որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը>>՝ հանրաքուէով, նշած է ան:

Պրայզա կողմ արտայայտուած է, որ հանրաքուէին ատրպէյճանական համայնքի մասնակցութիւնը ըլլայ 22 տոկոս‘ ըստ 1989 թուականի մարդահամարի:

Պրայզա, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ անդրադարձած է Մատրիտեան սկզբունքներով Ղարաբաղի հարցի լուծման, մատնանշելով երեք հիմնարար դրոյթները՝ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքը եւ ուժի կիրառութեան բացառումը, որոնց հիման վրայ պիտի կարգաւորուին խնդիրները:

<<Թերեւս այս սկզբունքները զիրար կը հակասեն, բայց ես կը կարծեմ, որ հիմնարար սկզբունքներու մէջ գտած ենք բանաձեւ մը, որ 2007 թուականի Նոյեմբերին մատիրտեան փաստաթուղթի մէջ իր արտացոլումը գտած է եւ զոր մէկ շաբաթ առաջ համանախագահները Կրակովի մէջ վերատեսութեան ենթարկած են>>:

Պրայզա նաեւ թուարկած է կարգաւորման քայլերը՝ փախստականներու վերադարձ, սկզբնական շրջանին հինգ, այնուհետեւ եւս երկու շրջաններու վերադարձնելը Ատրպէյճանին, հանրաքուէ՝ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով, խաղաղապահ ուժերու տեղակայում, Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ միջանցք եւ հաղորդակցութեան ճանապարհներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

Խօսելով ԼՂ կարգավիճակի մասին, Պրայզա նշած է, որ այդ կը նշանակէ. <<ԼՂ բնակիչներու անվտանգութեան ապահովում, ԼՂ բնակիչները կ՛ընտրեն իրենց ղեկավարին, կը տնօրինեն իրենց կեանքը, ապագան ու ճակատագիրը>>: Պրայզայի խօսքով, միջանկեալ կարգավիճակը կը պահպանուի այնքան, մինչեւ որ տեղի ունենայ քուէարկութիւն Ղարաբաղի բնակիչներու կողմից‘ վերջնական կարգավիճակը որոշելու համար:

<<Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կ՛ապահովուի Ատրպէյճանին վերադարձնելով 7 շրջանները: Ալիեւը Մոսկուայի մէջ ատոր անդրադարձաւ, ըստ որու, այդ շրջաններէն 5ը կը վերադարձուին անմիջապէս, իսկ 2ը‘ աւելի ուշ, թերեւս 5 տարիէն կամ աւելի ուշ: Իսկ ԼՂ վերջնական կարգավիճակը կ’որոշուի հետագային, երբ կողմերը ատոր պատրաստ կ՛ըլլան, որու ժամկէտն այս պահուն չենք կրնար ըսել>>:
Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերուն՝ Պրայզա յայտնած է, թէ անոնց պատկանելիութեան հարցը պիտի որոշեն Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ վեթօ դնել, եթէ չ՛ուզեր տուեալ երկրի մը զօրքը գտնուի տարածաշրջան:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ Պրայզա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները այս հարցին մէջ եւս որեւէ ճնշում չի գործադրեր կողմերուն վրայ: Պարզապէս, ըստ Պրայզայի, ԱՄՆի վերջնական նպատակն է, որ այդ յարաբերութիւնները կարգաւորուին:

Նշենք, որ երէկ Երեւանի մէջ, Պրայզա հանդիպումներ ունեցած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Հայ ազգային կոնգրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Վարչապետի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մէրի Եովանովիչի մասնակցութեամբ, քննարկուած է <<Հազարամեակի մարտահրաւէր>>ի ծրագիրներու ներկայ վիճակը:

comments

Advertisement